ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի վերջին իրադարձութիւնները։ Դռնփակ հանդիպման վերաբերեալ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Էրտողան դարձեալ կրկնած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ Արցախի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է այդ աջակցութեան համար։ Զրոյցին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային յետ-պատերազմեան իրադարձութեան շուրջ։ Քննարկուած են նաեւ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ռազմական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հարցերը։
Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քոնիայի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Իսլամական զօրակցութեան 5րդ մարզախաղերու բացման։
Ալիեւ Քոնիայի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թուրք ղեկավար Էրսին Թաթարի հետ։