ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախէն կը հաստատեն, որ պաշտպանութեան բանակէն հրաժարելու ծրագիր չունին: Թէ՛ Երեւանէն, թէ՛ Ստեփանակերտէն կը յայտարարեն, որ Արցախի մէջ հայաստանեան զօրքեր չկան:
Պաքու պարբերաբար կը պահանջէ Արցախէն դուրս բերել հայկական զինուած ուժերը. վերջին անգամ 9 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսպիսի ակնկալութեան մասին խօսեցաւ՝ հաւանաբար նկատի ունենալով Արցախի պաշտպանութեան բանակը։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Արցախի 11 նախարարութիւններէն մէկն է: Բանակի հրամանատարը ինքնին ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարն է:
«Պաշտպանութեան բանակից հրաժարուելը հաւասարազօր է դաւաճանութեան, Պաշտպանութեան բանակից հրաժարուելը կարող է նոր 1915 թուական բերել Արցախի ժողովրդի համար, ինչպէս նաեւ հետագայ զարգացումներով ողջ Հայաստանի, Ադրբեջանը չի սահմանափակւում», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Սէյրան Հայրապետեան:
Իշխող «Ազատ հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» խմբակցութիւնը ղեկավարող Արթուր Յարութիւնեան եւս պնդեց, որ չեն պատրաստուիր բանակէն հրաժարիլ՝ ինքնապաշտպանութեան համար:
Արցախէն հայկական զինուած ուժերու դուրսբերումը պահանջող Պաքու յղում կը կատարէ 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան:
Յարութիւնեան կը հակադարձելով՝ ըսաւ, որ նոյն այդ յայտարարութեան կէտերը Ատրպէյճան չի կատարեր, կը խախտէ զինադադարը եւ գերիները չի վերադարձներ։
«Զինուած ուժերի դուրսբերման հետ կապուած այնտեղ գրուած է` ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայմանը զուգահեռ դուրս են բերւում հայկական զինուած ուժերը: Պատերազմից յետոյ նոր զօրակոչ Հայաստանից չկայ, եւ որը եղել է նախկինում, հիմա էլ արդէն չկայ: Եթէ խօսքը վերաբերում է ինքնապաշտպանութեան ուժերին կամ Պաշտպանութեան բանակին, իհարկէ, չի կարող Արցախի Հանրապետութիւնը առանց ինքնապաշտպանութեան ուժերի մնալ: ՄԱԿի կանոնադրութեան համաձայն Արցախի ժողովուրդն իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու», ըսաւ Յարութիւնեան:
Կառավարութեան վերջին նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախ յայտարարեց, որ Արցախի մէջ Հայաստանի զինուոր չկայ, նաեւ իր կարծիքը յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի դուրսբերման` Պաքուէն հնչող պահանջներուն մասին:
«Եթէ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը, Ադրբեջանը երաշխաւորի շփման գծի անձեռնմխելիութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը, կարծում եմ, մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չի ունենայ: Նման անհրաժեշտութիւն առաջացել է միայն այն բանից յետոյ, երբ Ադրբեջանը հրաժարուել է ստորագրել խաղաղապահների մանդատը ու շարունակաբար խախտում է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, այդ թւում` բոլոր ռազմական գործողութիւնների դադարեցման մասին, որը վերը նշուած փաստաթղթի բուն էութիւնն է», ըսած էր Փաշինեան:
Արձագանգելով Փաշինեանի յայտարարութեան` Հայրապետեան ըսաւ, որ եթէ Ատրպէյճան երաշխաւորէ շփման գիծի անձեռնմխելիութիւնը, շատ լաւ պիտի ըլլայ, բայց ինք համոզուած է, որ անոնք այդ բանը չեն ըներ: «Այս զօրակազմի քանակով, ինչքան որ կայ, էդ համապատասխան սահմանի երկայնքով հնարաւոր չի մարտական հերթապահութիւն իրականացնել, իսկ Ադրբեջանը, եթէ ինչ-որ մէկը խաբկանքներ ունի, որ փոխուել է ու խաղաղութեան է գնում, ես կ՛ասեմ, որ այդպէս չէ, ու էս երկու տարում մենք դա բազմիցս տեսել ենք», յայտնեց Հայրապետեան: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող ռազմական յարձակումներու իրավիճակին համապատասխան բանակին մէջ պէտք է բարեփոխումներ իրականացուին: Ան փակագիծեր չբացաւ: Ան չբացառեց, որ հնարաւոր է որ որոշ անուանափոխութիւն ըլլայ: «Անունն էդքան էական չի: 90ական թուականի սկզբներին եղել են ինքնապաշտպանական ուժեր, դա մեզ չի խանգարել, որ մեր հերոսները մեր պատմական հայրենիքը ազատագրեն», ըսաւ Հայրապետեան:
Արցախի մէջ յայտարարուած մասնակի զօրահաւաքը 7 օր տեւեց. 3 Օգոստոսին` 2 զինուորներու կեանքը խլած եւ շուրջ 2 տասնեակ վիրաւորներ պատճառած վերջին լարուածութեան օրերուն նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրամանագիր ստորագրեց: Քանի մը օր ետք՝ 10 Օգոստոսին արդէն զօրացրում յայտարարեց:
Հայրապետեան չուզեց գնահատել այդ որոշումը` սահմանափակուելով` «եթէ ստորագրել է, պէտք է եղել» արտայայտութեամբ: Բայց թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի իշխանութիւններու բազմաթիւ քայլերէն ան դժգոհ է: «Մտահոգիչ է հայաստանեան իշխանութիւնների լուռ համաձայնութիւնը, անտարբերութիւն ասեմ, թէ թոյլ դիրքորոշում, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնում իրականացուող միջոցառումները, քանի որ թշնամին ցանկացած պահանջ իրականացնելուց կամ կատարելուց յետոյ հերթական պահանջն է ներկայացնում: Զիջելով մենք կարող է ամէն ինչ զիջել», յայտնեց ան։
1 Օգոստոսէն ի վեր սրած սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 10 Օգոստոսի առաւօտեան տեղեկացուց, որ գիշերը շփման գիծին մէջ զինադադարի էական խախտում չէ արձանագրուած: Իրավիճակը, հակառակ պահպանուող որոշ լարուածութեան, յարաբերականօրէն կայուն է։