ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 11 Օգոստոսին, Ատրպէյճան հաղորդեց, որ Լաչինը շրջանցող մայրուղիի իր հատուածի կառուցումը աւարտած է:
Ատրպէյճանի մայրուղիներու պետական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ մայրուղին 2էն 3 գիծ ունի. ճանապարհի լայնքը 7էն 10.5 մեթր է: Այդ ծրագիրով կառուցուած է 149.5 մեթր երկայնքով եւ 13.5 մեթր լայնքով կամուրջ:
Ծրագիրի վերջին փուլին, ճամբուն վրայ տեղադրուած են հորիզոնական գծանշաններ, ճանապարհային նշաններ եւ պաշտպանիչ արգելապատնէշներ:
«Ինթերֆաքս» լրատուական գործակալութիւնը կը նշէ, որ Լաչին աւանը շրջանցող ճամբու կառուցումը մեկնարկած է Յուլիս 2021ին:
Անոր ընդհանուր երկայնքը 32 քիլոմեթր է, որուն 10ը քիլոմեթրը Հայաստանի տարածքով պիտի անցնի:
Ճամբու կառուցումը նախատեսուած է 9 Նոյեմբեր 2020ին եւ ընդունուած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի յայտարարութեամբ: