ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մարդկութեան գոյութեան տասնեակ հազարաւոր տարիներուն, մոլորակի բնակչութիւնը շատ դանդաղ կերպով աճած է: 1804ի տուեալներով, ան հասած էր մէկ միլիառի սահմաններուն, իսկ յաջորդ մէկ միլիառին համար միայն մէկ դար պէտք էր: 1927ին երկու միլիառ էր աշխարհի բնակչութիւնը, 1960ին՝ երեք, իսկ ներկայիս՝ գրեթէ ութ միլիառ:
Այս խելայեղ աճին պատճառները թուելու կարիք չկայ: Հետեւանքներն են կարեւորը: Անոնցմէ կարեւորագոյնը՝ երկիրներու տնտեսութեան խթանումն է: Որքան մարդ, այդքան սպառում, արտադրութիւն, արդիւնաբերութիւն, տնտեսական հզօրութիւն, պիւտճէ, մարդուժ, հզօր բանակ:
Տնտեսութեան զարգացման հետ միասին առաջ եկաւ նաեւ ընկերութեան մէջ սեռային հաւասարութեան եւ անհատական ազատութեան հասկացողութիւնը, որոնց արդիւնքը եղաւ այն, որ զարգացած եւ յառաջադէմ երկիրներու ազգաբնակչութիւնը դադրի բազմանալէ: Արդարեւ Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ Ճափոնի բնակչութիւնը, համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք ոչ միայն դադրեցաւ բազմանալէ, այլ նոյնիսկ հետզհետէ նուազեցաւ: Վերարտադրութեան համար անհրաժեշտ նուազագոյն տոկոսը շատոնց արդէն այդ երկիրներուն մէջ գոյութիւն չունի: Իսկ աղքատ երկիրներու, մանաւանդ Ափրիկէի մէջ, բնակչութիւնը կը շարունակէ աճիլ եւ իրենց կենսամակարդակը բարելաւելու համար ուրիշ միջոց չգտնելով, անոնք կը խուժեն Եւրոպա, սպառնալով անոր ընկերային եւ քաղաքական կայունութեան՝ մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ՝ ազգային եւ մշակութային դիմագիծի խաթարման:
Մոլորակի ընդհանուր բնակչութիւնը գոյատեւելու համար, կարիքը ունի բնական հարստութեանց, որոնք անվերջանալի չեն: Ընդհանուր բնակչութեան աճը եթէ այսպէս շարունակուի, աշխարհի բնական բարիքները չեն կրնար ընդմիշտ բաւարարել մարդկութեան կարիքներուն: Ըստ գիտնականներու, այդ բարիքները առաւելագոյնը 12 միլիառի համար կրնան բաւարար ըլլալ:
Ներկայիս ժողովրդագրական նոր ուսումնասիրութիւնները սակայն կը կանխատեսեն բնակչութեան աճի կայունացում: Արդարեւ, Չինաստանի մէջ անգամ, հակառակ վերջերս մէկ ընտանիք մէկ զաւակով սահմանափակելու օրէնքին չեղարկման, կը նկատուի բազմազաւակութեան վերադարձի ձգտումի բացակայութիւն, ինչպէս Ճափոնի եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան աշխարհի ընտանիքներու պարագային: Նոյն ընթացքը կրնայ պատահիլ նաեւ Հնդկաստանի պարագային, ուր տնտեսական աճի արդիւնքով արդէն իսկ երեք հարիւր միլիոն մարդ աղքատութեան շեմէն բարձրացած, կազմած են միջին խաւ, եւ հետեւաբար «արեւմտականանալով», կը կազմեն փոքր ընտանիքներ: Ընկերային այս նոր բարքերը շատ հաւանաբար պիտի տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ, թէ՛ գիտութեան տարածման պատճառով եւ թէ ապրուստի սղութեան իբրեւ հետեւանք:
Բնակչութեան աճի կայունացումը, եթէ մէկ կողմէ հանգստացնող է ընդհանուր մարդկութեան գոյութեան համար, միւս կողմէ անհանգստացնող է երկիրներու համար: Ինչպէս արդէն նշեցինք, զարգացած պետութիւններու համար այդ մէկը մղձաւանջային դարձած է: Այդ երկիրներուն բնակչութեան աճի բացասական տոկոսներու հետեւանքով, բնակչութիւնը կը ծերանայ, եւ ծերացած ու թոշակի տարիք ունեցող հասարակութիւնը կենսաթոշակով ապահովելու ծանր բեռը հետզհետէ աւելի սակաւաթիւ աշխատունակ բնակչութեան ուսերուն կը բարդուի: Այս բեռին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ թերաճ աշխարհէն գաղթականներու բազմազաւակ ընտանիքներու կեցութեան եւ ընկերային ծառայութեանց ծախսերը:
Բնակչութեան աճի կայունութիւնը, նոյնպէս բացասական հետեւանքներ ունի «երկրորդ» եւ «երրորդ» աշխարհի պետութիւններուն համար: Այդ երկիրներու տնտեսական վատթար վիճակը, ընկերային ոչ նախանձելի ծառայութիւնները, ուսման ցած մակարդակը, ապագայ կեանքի ոչ փայլուն հեռանկարը եւ ընդհանրապէս աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու մարդկային բնական իրաւունքը, դէպի աւելի զարգացած երկիրներ արտագաղթելու կը մղեն բազմութիւններ եւ մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդները, այդպիսով հայրենիքը դարձնելով աւելի խոցելի եւ տկար:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, արեւմտեան երկիրները բարգաւաճեցան եւ աշխատող ձեռքերու սուր կարիք ունենալով, ներգրաւեցին իրենց նախկին գաղութներէն միլիոնաւոր աշխատուժ, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նորանկախ պետութիւններէն եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն, մարդիկ ուղղակի փախուստ տուին դէպի Արեւմուտք, իրենց ետին ձգելով մարդաթափուած երկիրներ: Այսպէս, Ռումանիան, Պուլկարիան, Հունգարիան, Լեհաստանը, նախկին Եուկոսլաւիոյ փոխարէն նորանկախ պետութիւնները եւ միւսները, կորսնցուցին իրենց մարդուժէն զգալի մասեր:
1991ին Հայաստանի անկախացումէն, ետք, Արեւելեան երկիրներու նման նոյն կացութեան առջեւ գտնուեցանք։ Իշխանութեան եկած քաղաքական մարդոց ապիկար եւ յանցաւոր մեղսակցութեամբ, երկրին՝ Խորհրդային Միութենէն ժառանգութիւն մնացած բոլոր տնտեսական ենթակառոյցներն ու գործարանները, սեփականաշնորհուեցան ու թալանուեցան, անգործ ձգելով հարիւր հազարաւորներ, որոնք ստիպուած գաղթեցին տարբեր ուղղութիւններով: Այդ գաղթին նախորդած էր երկրաշարժը եւ անոր պատճառած մարդկային զոհերը եւ շատերու կողմէ երկիրը լքելը: Նոյն ժամանակ, հայ-ատրպէյճանական պատերազմը եւս մարդուժի կորուստի պատճառեց:
Ունեցանք շատ ոգեւորող յաղթանակ։ Արցախը ազատագրած էինք վերջապէս եւ ազատագրած Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ մէկ երրորդի չափով տարածք եւ Հայաստանի հետ համեմատած, ունէր աւելի բերրի եւ գիւղատնտեսութեան համար յարմար դաշտավայրեր եւ արօտավայրեր, որոնք կարողականութիւնը ունէին ոչ միայն Արցախի բնակչութեան բաւարարելու, այլ նաեւ ամբողջ Հայաստանը վերածելու սնունդի կողմէն ինքնաբաւ երկրի, իսկ աշխարհի տասը միլիոն հայութեան միացեալ օժանդակութեամբ, Արցախը զարգացնելով զայն վերաբնակեցնել աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան գէթ մէկ տոկոսով: Իրականութեան մէջ, նախկին Արցախի բնակչութեան թերեւս կէսը արտագաղթեց, այդտեղ տիրող անարդարութիւններուն եւ տնտեսական հեռանկարներու չգոյութեան պատճառով:
Ունեցանք Արցախեան երկրորդ պատերազմը, որ ուղղակի աղէտ եղաւ հայութեան համար: Բայց ուրիշ արդիւնք կարելի չէր սպասել: Այդ ուղղակի ինքնախաբէութիւն կ՛ըլլար: Իրականութեան մէջ, մեր իշխանութիւնները մեզի երեսուն տարի խաբած էին, հաւատացնելով, թէ մենք տարածաշրջանի հզօրագոյն բանակը ունէինք: Կարելի չէր այդպիսի բանակ ունենալ եւ հզօր երկիր, երբ անկախութենէն ի վեր, արտագաղթը դադրած չէր, ու տակաւին կը շարունակուի, երբ տնտեսութիւնը հզօրացնելու համար ոչինչ ըրած ենք, երբ Արցախը հայաթափուած էր, մեր իսկ մեղքով:
Պատերազմները կը յաղթեն զարգացած տնտեսութեամբ, ամուր բանակով, գերարդիական սպառազինութեամբ եւ աճող ու բազմացող ժողովուրդով: Անոնցմէ ոչ մէկը ունէինք: Երկիր չի պահուիր ութ միլիոն սփիւռքահայերով, ոչ ալ պատերազմ կարելի է յաղթել լոզունգներով եւ կոչերով: Կռուողը միայն երկրին մէջ ապրող երիտասարդութիւնն է, արտերկրի հայութիւնը իր նոյնիսկ հարիւր միլիոնով, մեծ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ, վկայ մեր երկու Արցախեան պատերազմները, ուր հայրենի հայութիւնն էր մարտնչողը, իսկ Սփիւռքի ուղղակի մասնակցութիւնը գրեթէ խորհրդանշական եղաւ:
Այս երկրորդ պատերազմը անխուսափելիօրէն պիտի կորսնցնէինք, իսկ ատրպէյճանցիները վստահաբար պիտի յաղթէին: Անոնք թիւով աւելի շատ էին եւ աւելի նպատակաուղղուած: Իրենք նպատակ դրած էին անպայման վերատիրանալու կորսնցուցած հողերը: Մենք նպատակ չէինք դրած պահել այդ հայկական պատմական հողերը, գէթ վերաբնակեցնելով:
Ներկայիս ալ ուրիշ քաղաքականութիւն է: Խաղաղութեան դարաշրջանի ոչ իրատեսական կարգախօսը կը շեփորահարուի: Այդ ուղղակի անկարելի է նկատի ունենալով մարդ արարածին տիրելու, տիրապետելու եւ նուաճելու բնազդը, մանաւանդ երբ աշխարհը հողի ու ջուրի եւ հետեւաբար սնունդի սուր կարիք ունի, եւ այդ կարիքը ժամանակի եւ բնակչութեան աճին հետ պիտի աւելնայ:
Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին, հայկական սակաւաթիւ գիւղերու աղօտ լոյսերը, իսկ միւս կողմը՝ ատրպէյճանական գիւղերու ծով լոյսերու փայլքը դիտելով, հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչու պարտուեցանք:
Խաղաղութեան դարաշրջան չկայ: Խաղաղութիւնը կը պահուի միայն ուժով: Այդ ուժը մենք ներկայիս չունինք: Արդեօք կրնանք ժամանակ շահիլ ու մինչ այդ պատրաստուիլ անխուսափելի յաջորդ պատերազմին, եւ այս անգամ արդէն բուն Հայաստանի համար:
նկար
0000BOGHOSIAN