ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի քաղաքացի Պասսամ Շէյխ Հիւսէյն, որ իրեն հետ կը կրէր գնդացիր մը եւ պենզին, Հինգշաբթի օր մտաւ Համրայի «Ֆետերըլ» դրամատունը՝ պահանջելով վերադարձնել դրամատան մէջ իր պահ դրած գումարը` 209,000 տոլար, սպառնալով այլապէս հրկիզել հաստատութիւնը, ապա՝ անձնասպանութեան դիմել: Ան մօտաւորապէս 10 հոգի պատանդ վերցուց:
Դէպքին վայրը հասան ապահովութեան ուժերը, որոնք շրջափակեցին դրամատունը եւ սկսան բանակցիլ Հիւսէյնի հետ, որ մերժեց յանձուիլ եւ կառչած մնաց իր պահանջին:
Առաւել քան 6 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, անոր առաջարկուեցաւ 30,000 տոլարի գումար մը, որ ընդունուեցաւ զինեալին կողմ: Հիւսէյն դուրս եկաւ դրամատունէն եւ ուղղուեցաւ դէպի սպիտակ ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէր անոր եղբայրը: Աւելի ուշ ան ինքզինք յանձնեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին:
Յետմիջօրէին դրամատուն հասան տասնեակ մը քաղաքացիներ, որոնք իրենց կարգին դրամատուներու մէջ հաշիւ ունին: Անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Հիւսէյնին եւ դէմ արտայայտուեցան դրամատնային քաղաքականութեան:
Հաղորդուեցաւ, որ Հիւսէյն այս քայլին դիմած է, որովհետեւ անոր հայրը հիւանդանոցն է, եւ անկէ պահանջուած է հազարաւոր տոլար` իր հօր բժշկութեան համար:
Նշենք, որ Յունուարին, Պեքքայի մէջ զինեալ մը նման քայլի դիմած էր՝ իր 50,000 տոլարին վերատիրանալու համար։