Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ, Նոր Հարաւային Կալեսի նահանգի խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամները նամակով մը դիմած են Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` պահանջելով դատապարտել ատրպէյճանական հակահայ նորագոյն յարձակումները:
Նամակին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կը կատարուի բնակավայրերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական վերջին յարձակումներուն եւ շփման գիծը խախտելու՝ ատրպէյճանական փորձերուն, որոնք պատճառած են զոհեր եւ վիրաւորներ ու խախտած մարդկային շարք մը հիմնարար իրաւունքներ:
Նամակը ստորագրած խորհրդարանականները կառավարութենէն կը պահանջն հրապարակաւ դատապարտել ատրպէյճանական նախայարձակումը:
Նամակին հեղինակները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները, որոնք նպատակ կը հետապնդեն ցեղային զտման ենթարկել Բերձորի ու Աղաւնոյի շրջանները, ուրկէ կ՛անցնի Լաչինի միջանցքը, Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 7րդ յօդուածի աղաղակող խախտում են:
Անդրադառնալով վերոնշեալ գրութեան` Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Մայքըլ Քոլոքոսեան յայտարարեց հետեւեալը. «Աւստրալիահայ համայնքին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ խորհրդարանակններուն, որոնք բազմաթիւ միջազգային քաղաքական առաջնորդներու միանալով՝ կը ձգտին պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները` փորձելով կանխել ինքնորոշուած Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակումները»: