ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Գանատայի արտաքին գործերի նախարար Մելանի Ժոլի, խորհրդարանականներ Ճին Եիփի եւ Հան Տոնկի ուղեկցութեամբ՝ 11 Oգոստոսին այցելեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը՝ ծանօթացաւ համար հայ համայնքի առօրեայ կեանքին եւ հոգեւոր-կրթական կառոյցներու գործունէութեան։
Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի է ունեցաւ նաեւ առանձնազրոյց մը նախարար Ժոլիի եւ Թորոնթոյի ու Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Հանդիպման ընթացքին, ծաւալուն անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախ հակամարտութեան ներկայ հանգրուանին վերաբերող հիմնահարցերուն, Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանութիւն հիմնադրելու աշխատանքներուն, Հայաստանի զարգացման մէջ գանատական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքի գործունէութեան։