Լրացաւ Սոխումի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թիւ 9 հայկական դպրոցի 100 տարին: Աբխազիոյ հնագոյն դպրոցներէն է այս, որ հիմնուած է 1906ին՝ խումբ մը հայ մտաւորականներու եւ Աւետիս քհնյ. Տէր Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ: Անոնք դիմած են Սոխումի քաղաքային խորհուրդին՝ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շինարարութեան համար հողաշերտ յատկացնելու խնդրանքով:
1906ի Մայիս 16ին, քաղաքային խորհուրդը ընթացք տուած է անոնց խնդրանքին: Սակայն, չսպասելով շինարարութեան աւարտին, արդէն իսկ 1906 թուականի Սեպտեմբեր 1ին, աշակերտները սկսած են դասերը՝ սեփական տուներու մէջ: Առաջին տարին, անոնք ընդամէնը 31 էին:
Անցնող Դեկտեմբեր 25ին, դպրոցէն ներս հաւաքուած էին անցնող տարիներու շրջանաւարտները, որոնք իրենց ուսուցիչներու եւ ներկայի աշակերտներուն հետ միասին ծաղիկներ զետեղեցին քաղաքի Փառքի զբօսայգիին մէջ: Այդ տօնական օրը դպրոցէն ներս բացումը կատարուեցաւ լուսանկարչական ցուցահանդէսի, ինչպէս նաեւ՝ համակարգիչի դասարանին: Դասարանը վերանորոգուած է քաղաքի հայ համայնքի միջոցներով, իսկ համակարգիչները նուիրած է Աբխազիոյ մէջ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքի ներկայացուցչութիւնը: Դպրոցը կը հպարտանայ իր շրջանաւարտներով, որոնց շարքին են փրոֆ. Սուրէն Կլորիկեանը, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Արշաւիր Ֆլորիկեանը, Խորհրդային Միութեան հերոս Յարութիւն Չաքրեանը, ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Ժան Տատլեանը: Վերջերս 9րդ միջնակարգ դասարանը աւարտեց պատանի բռնցքամարտիկներու Եւրոպայի ախոյեան Պօղոս Զոպունեանը: Այսօրուան դրութեամբ՝ դպրոցը ունի 151 աշակերտներ: Դպրոցի յոբելեանին ի պատիւ, Աբխազիոյ Պետական ֆիլհարմոնիայի սրահին մէջ կայացաւ հայկական խումբերու համերգ, որուն ներկայ էին՝ խորհրդարանի խօսնակ Նուգկար Աշուպան, պատգամաւորներ եւ նախարարներ: