ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 15 Օգոստոսին, քաղաքացի մը, հեռաձայնելով ոստիկանութեան՝ յայտնեց, որ կը պատրաստուի պայթեցնել Ազգային ժողովի շէնքը:
Նոյն քաղաքացին հեռաձայնեց նաեւ 911 ծառայութեան եւ յայտնեց, որ պիտի պայթեցնէ Գիւմրիի հարկայինի շէնքը: Ան նոյն բովանդակութեամբ ահազանգ հնչեցուց նաեւ 16 Օգոստոսին՝ ժամը 12։06ին, որ պիտի պայթեցնէ Գիւմրիի հարկայինի շէնքը:
Ոստիկանութեան Մուշի բաժինի ծառայողները բացայայտեցին քաղաքացիին ինքնութիւնը: Գիւմրիի 63ամեայ քաղաքացին ոստիկանութեան Մուշի բաժինին մէջ ըսաւ, որ գտնուած է ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ` հեռաձայնած է ոստիկանութեան, սակայն տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ։
Կազմուած փաստաթուղթերը եւ քաղաքացին ներկայացուեցան նախաքննական մարմինին: