Ռուսերը կը փորձեն Թուրքիան օգտագործել՝ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն ետք Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները շրջանցելու համար: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Ուոլի Ատէյեմօ:
Վերջինս իր թուրք պաշտօնակից Եունուս Էլիթաշի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ընդգծած է կարեւորութիւնը «ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի ջանքեր»ուն` Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու ուղղութեամբ:
Ըստ Ատէյեմոյի՝ Ռուսիոյ Ուքրանիա լայնածաւալ ներխուժման սկիզբէն ի վեր առաւել քան 30 երկիրներ Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատած են: