ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6ին, Իրաք այցելող Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս հիւսիսային Իրաք անցնելով հանդիպում ունեցաւ Իրաքի քիւրտ ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ, քննելու համար Պաղտատի ու քրտաբնակ շրջաններուն միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, Պարզանի յայտարարեց, թէ քիւրտեր եւս ինքնորոշման իրաւունքը ունին, սակայն շեշտեց, թէ ներկայ հանգրուանին քիւրտերը համաձայն են դաշնակցային դրութեամբ կառավարուող Իրաքի սահմաններէն ներս պահելու Իրաքի քրտաբնակ շրջանները:
Ռայս Հինգշաբթի օր անակնկալօրէն Իրաք հասած էր, կոչ ընելով բոլոր կողմերուն, որ անվերապահօրէն գործակցին եւ ճիգ չխնայեն, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել միջհամայնքային բռնարարքներուն եւ բարելաւել ապահովական վիճակը։
Այդ վիճակին պերճախօս մէկ օրինակը հանդիսացաւ Պաղտատի օդակայանին ռմբակոծումը, որուն պատճառով Ռայսի օդանաւին էջքը յետաձգուեցաւ կէս ժամով։