«Մեր սուրբ թարգմանիչներն ու մատենագիրները մայրենի գիր ու գրականութիւն ստեղծեցին մեզ միացնելու համար։ Հայաստանի բաժանման դժբախտ իրողութեան առջեւ անոնք ստեղծեցին մեզ իրար միացնող կախարդական հզօր ուժը։ Մեր պարտականութիւնն է աչքի լոյսի նման պահպանել իրենց աւանդը եւ գուրգուրալ անոր, երբ որ առիթը ներկայանայ։ Այսօր «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպած է այս երեկոն, մեր ազգային պարտքը մատուցանելու մեր պատմիչներուն եւ ազգային գոյատեւման մեր ուխտը նորոգելու՝ ըմբոշխնելով աշակերտական փունջ մը ներկայացումներ եւ մեկնաբանութիւններ»: Այս խօսքերով վերջացուց իր բացման խօսքը, աւարտական դասարանի աշակերտուհի Սեւանա Տիմիճեանը։
Հոկտեմբեր 13, 2006ի երեկոյեան, «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանի ծնողները հաւաքուած էին դպրոց, վայելելու իրենց մատղաշ զաւակներուն ներկայացումներն ու մեկնաբանութիւնները՝ Հայ Մշակոյթի օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան։
Մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ դասարանի աշակերտները, իւրաքանչիւրը իր կարգին, բարձրացաւ բեմ ու իւրայատուկ ձեւով ներկայացուց իր բաժինը։ Մանկապարտէզի աշակերտները երգեցին «Այբ, Բեն, Գիմ», «Ծիծեռնակ» եւ «Քեռին եկաւ մեր բակը» երգերը, որոնց մանկական ուրախ տրամադրութիւնը վարակեց նաեւ ներկաները։ Առաջին դասարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը՝ «Մեր լեզուն»։ Երկրորդ դասարանի աշակերտները այդ օրը «հարսնեւորներ» էին, անոնք ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ հարսանիք մը. անոնց տարազներն ու նուագարանները պահ մը մեզ փոխադրեցին Հայաստանի լեռները։ Երրորդ դասարանի աշակերտները, եռագոյն շապիկներ հագած, բարձրացան բեմ ու ներկայացուցին ուրախ խմբերգ մը՝ «Այբ, Բեն, Գիմ»։ Չորրորդ դասարանի աշակերտները, «Մայրենի լեզու» խմբային արտասանութենէն ետք, իւրաքանչիւրը ինքզինք ներկայացուց հանդիսատեսներուն եւ խօսեցաւ իր անունին մասին, թէ ինչո՞ւ այդ անունով կոչուած է, ո՞վ կոչած է զինք եւ ուրկէ՞ կու գայ իր անունին ծագումն ու իմաստը։
Հինգերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Երթայի Հայաստան» խմբերգը, որմէ ետք այդ դասարանի աղջիկները ներկայացուցին գեղեցիկ հայկական շուրջպար մը՝ անով փակելու աշակերտական մեկնաբանութիւնները։
Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանեց վարժարանիս հայերէն բաժանմունքի պատասխանատու Ռոզա Մատոյեանը, որ վեր առաւ հայ լեզուին դարաւոր դերն ու արժէքը մեր ժողովուրդի գոյատեւման ի խնդիր, անդրադառնալով նաեւ մեր լեզուին ունեցած յատկութիւններուն։ Ան հետեւեալ խօսքով փակեց հանդիսութիւնը. «Մենք հայերէնը չենք փառաբաներ, պարզապէս որովհետեւ հայ ենք, որովհետեւ հայ ուսուցիչներ ենք կամ հայկական միջավայրի մէջ ենք: Հայ լեզուի հմուտ եղողները, կամ անոր ծալքերուն քաջատեղեակ եղողները գիտեն, թէ որքա՜ն իւրայատուկ կառուցում ունեցող անգին լեզու մըն է մերը»։