ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ

Իւրաքանչիւր վերամուտ իր երազանքներու եւ յոյսերու հրաշակերտ շարանով կը պարուրէ բոլոր անոնք, որոնց միտքերը եւ հոգիները լոյսի, պայծառութեան ու գիտութեան անյագ ծարաւով կը թեւածեն: Այս միտքերով եւ ապրումներով հայ մանուկներ, պատանիներ եւ դաստիարակներ իւրաքանչիւր վերամուտի նոր աւիշով եւ եռանդով կը փութան իրենց փոքրիկ հայրենիքը, որ նիւթականացած էութիւնն է իրենց հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ կերտուած ազգային վսեմ արժանիքներու բերդին: Նուիրեալ սերունդի մը արդար հաւատքով եւ տեսլականով կերտուած մեր ազգային վարժարանները, պերճախօս վկաներն են մեր ինքնութեան հաստատման: Անոնք մշտահոս աղբիւրներ են եւ պիտի մնան, սերունդներ սնուցանող ու զանոնք կենարար եւ յուսադրիչ ոգիով տոգորելու համար:
Այս ապրումներն են, որոնք ազգային վարժարաններու վերամուտը կը վերածեն անբացատրելի հրճուանքի եւ բերկրութեամբ կը լեցնեն Քալիֆորնիոյ եռուն հայ գաղութի հայ ոգին:
Ազգային արդար զգացականութեամբ զեղուն էին մեր բոլոր ազգային վարժարանները, իբրեւ սփիւռքեան կրթօճախներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ հայկական շունչով դարձած էր գողտրիկ անկիւն մը: Այդ անկիւնները՝ իբրեւ խարիսխներ, իրենց անժամանցելի հմայքը ունին, միայն հոն առօրեայի վերածող աշակերտներուն եւ դաստիարակներուն համար: Այդ անկիւնները, կեանքի հուն են, հոն անվերջ ճեմող ու վազվզող փոքրիկ ոտքերուն համար: Այդ անկիւնները, յստակ արահետ են, ապագայի յուսադրիչ ճանապարհը անհաստատ քայլերով կոփելու պատրաստուող նորահաս սերունդին համար եւ ինչու չէ անոնց իտէալական բարձրաթիռ երազներուն բնօրրանն են այդ գողտրիկ անկիւնները: Վայր՝ որուն մասին իբրեւ տուն պիտի վկայեն իրերայաջորդ սերունդները, պիտի փոխանցեն անհատնում դրուագները իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի կամ երբեմն տխուր օրերուն մասին: Այդ անկիւնները դեգերողները տարիներ ետք պիտի ըսեն. «Աղջի՛կս, գնա դպրոցի բակին առաջին ծառին տակ նստէ՛ ու հատ մըն ալ նկարուէ՛ ու «սելֆոն»իս ղրկէ՛ նկարը…», կամ.
«Ո՞ր յարկն է «լաքըր»դ, Օ՜հ… իմս ճիշդ անոր քովինն էր»… Եւ այսպէս, մանր-մունր բաներ, որոնք ինքնին կեանքի նաւակը կը լեցնեն զինք իմաստաւորող գեղեցիկ ու փոքր ժպիտներու ահագին տոպրակներով:
Կեանքը կ՛եռար դպրոցներու բակերուն մէջ 17 Օգոստոսի առաւօտեան: Փողոցները խճողուած էին, բայց բոլորը համբերատար եւ հեզահամբոյր են: Անհամբեր ծնողները իրենց զաւակները կ՛առաջնորդէին մաքուր վերնաշապիկներով եւ նոր ու պսպղուն կօշիկներով, անշուշտ լայն ժպիտներով ու յուզումնախառն ապրումներով:
Մեր վարժարաններու շրջափակերը արդէն սկսած են նեղ թուիլ ի տես աշակերտութեան աճող թիւին: Տատամսող նորեկներ, նախկիններ, վերադարձողներ եւ շրջանաւարտները միասին ստեղծած էին գեղեցիկ խճանկար մը, որուն համար կ’արժէր անգամ մը եւս մանկանալ ու դպրոցական ըլլալ:
Աշակերտները՝ բոլորը հաւաքուած եւ շարուած էին իրենց համար վերապահուած տեղերը եւ հերթով կ՛անցնէին պաշտօնական բացման արարողութիւնը վայելելու:
Ազգային վարժարաններու վերամուտը ի մի կը բերէ գաղութը՝ իր անդամներով ու գործող մարմիններով: Դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ՝ միասին կը փայփայեն այն սուրբ կրթօճախը, որ Սփիւռք դարձած հայ ազգին համար եղած է փոքր հայրենիք: Ազգային վարժարանը օրէ օր աճող ամրակուռ կառոյցն է, որ յարատեւող Սփիւռքի խոստմնալից պատգամն է: Անվերապահօրէն գործող դաստիարակներու փաղանգի մը բանակավայրն է ազգային վարժարանը: Անվերջ բանող եւ աշխատող հայ ծնողքին երկրորդ տունն է: Վերջապէս, անիկա մերն է իր ամբողջութեամբ եւ այդ իսկ պատճառով մեր ուշադրութեան կիզակէտն է եւ պիտի մնայ:
Հայ դաստիարակը խղճամիտ բծախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, ի գին ազգային վարժարանի եւ հայ աշակերտի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան:
Խանդավառութեամբ եւ հպարտութեամբ իր աշխատանքը՝ իբրեւ սուրբ առաքելութիւն իրագործող հայ ուսուցիչը տարի մը եւս իր ուխտը կը կատարէ գաղութին առջեւ՝ հաւատալով եւ վստահելով հայ սերունդին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը, իր հոգեւոր առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեանի առաջնորդութեամբ՝ հայրական խնամքի ու գուրգուրանքի ամէնէն ազնիւ եւ նուրբ հաւաստիքներով կը դիմաւորէ մեր վարժարաններու վերամուտը ու հայրական օրհնութեամբ ուժ, կամք եւ կորով կը մաղթէ բոլոր նուիրեալներուն, բայց մանաւանդ հայ մանուկին ու պատանիին:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը՝ իբրեւ ղեկավար մարմինը ազգային վարժարաններուն եւ անոնց աշխատանքը համադրող կազմը, անհուն խանդավառութեամբ եւ նոր յոյսերով բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ բոլոր վարժարաններուն: Անսահման կորովով եւ պարտականութեան հանդէպ ունեցած բարձր գիտակցութեամբ, պատրաստ է ամէն գնով սատարելու մեր վարժարաններու ծաղկումին ու բարգաւաճման:
Ազգային վարժարանները մեր ինքնութեան դիմագիծը պայծառացնող ու զայն անաղարտ պահող հայ կրթօճախներն են, որոնք միշտ պիտի մնան Խնամակալ մարմինի ուշադրութեան կեդրոնը:
2022-23 կրթական տարեշրջանի վերամուտի արարողութեան ընթացքին ներկայ գտնուող աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները, գաղութի ներկայացուցիչ պատկան մարմինները եւ նախկին շրջանաւարտները, իրենց ներկայութեամբ կ՛ուզէին յայտնել սեփական օճախէն իրենց չյագեցող կարօտին մասին: Անոնք իրենց պերճախօս եւ յուսալի աչքերով կը վկայէին, թէ համակ ուժով պիտի գործեն հայ վարժարանի վերելքին եւ զայն նոր բարձունքներու հասցնելու նախանձախնդրութեամբ:
Բարի եւ յաջող երթ կը մաղթենք մեր վարժարաններու մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Կը հաւատանք, որ ազգային վարժարանին ներդրումը անգնահատելի է մեր ազգային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Առ այդ, մեծ ակնկալիքներ ունինք մեր նոր սերունդէն, եւ անոնց ուսերուն վստահուած շատ բան կայ, որուն համար վստահ ենք, որ մեր վարժարանները եւ մանաւանդ հայ ուսուցիչները կը կերտեն հայ նոր սերունդը համապատասխան բծախնդրութեամբ, ուշադրութեամբ եւ ազգային հզօր ինքնութեամբ: Մեր առաքելութեան ամէնէն դժուար եւ զգայուն բաժինը ամենօրեայ կերպով ազգային ոգիի ներարկման հիմնական պատասխանատուութիւնն է: Հայ մանուկը հայ լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը սորվելով՝ մեր սեփական արժէքներուն հանդէպ սէր ու յարգանք կը տածէ հայ վարժարանին եւ իր հետ կը կրէ ամբողջ կեանք մը՝ իբրեւ ինքնութեան հպարտ կնիք: Հայ աշակերտին այս բոլորը փոխանցելու ծանր բայց քաղցր պարտականութիւնը յանձնուած է հայ դպրոցին, եկեղեցւոյ ու ակումբին:
Ամբողջական մարդակերտումի եւ հայակերտումի այս սուրբ կրթօճախը միշտ վառ մնալու մաղթանքով կ՛ողջունենք մեր վարժարանները 2022-23 տարեշրջանի վերամուտին: Կը վստահեցնենք, որ բոլոր գաղութին գուրգուրանքին առանցքը պիտի մնայ ազգային վարժարանը: