ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն Հայ Դատի առաւել քան 100,000 ջատագովներ դիմեցին իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն՝ պահանջելով անյապաղ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։
Անոնք նաեւ կը շեշտեն քոնկրեսականներուն, թէ Պաքու ամերիկեան այդ օժանդակութիւնները կը շահագործէ՝ Արցախը հայաթափելու իր ծրագիրը իրականացնելու նպատակով, որուն նորագոյն դրսեւորումն էր Բերձորի (Լաչին) հայութեան պարտադրուած տեղահանութիւնը։
Այս արշաւին միանալու համար այցելել կայքէջը։