ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպայի Թրքական ընկերակցութիւններու միութեան ներկայացուցիչները Գերմանիոյ մեծ քաղաքներուն՝ Ֆրանքֆուրթի, Տիւսըլտորֆի, Միւնիխի եւ Շթութկարթի մէջ սեւ ծաղկեպսակներ զետեղած են Ֆրանսայի հիւպատոսարաններուն շէնքերուն մօտ՝ ի բողոք Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի դարձնող օրինագիծին։
Միութեան նախագահ Ռէչէփ Եըլտըրըմ յայտարարեց, թէ «Ֆրանսան, որ կը պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները եւ խօսքի ազատութիւնը, կը սեւցնէ իր պատմութիւնը այդ օրինագիծը ընդունելով»։