ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 44օրեայ պատերազմի օրերուն Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած Միքայէլ Արզումանեան ձերբակալուեցաւ։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Քննչական կոմիտէն` նշելով, թէ ան կը մեղադրուի Շուշիի մէջ զինուորական պարտականութեան մէջ անփութութեամբ:
Ըստ հաղորդագրութեան` կատարուած մեծածաւալ քննչական եւ վարութային գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ զօրավարը պատերազմին ընթացքին, յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ` 30 Հոկտեմբեր 2020էն մինչեւ 9 Նոյեմբեր, Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ` չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, «որպիսի գործողութիւններն անզգուշութեամբ առաջացրել են ծանր հետեւանքներ. հակառակորդի զինուած ուժերն ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ են վերցրել Շուշի քաղաքը եւ մատոյցները, իւրային ստորաբաժանումները կրել են զոհեր եւ վիրաւորներ»:
49ամեայ Արզումանեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած էր 27 Հոկտեմբեր 2020ին, երբ պատերազմին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեան: Զօր. Արզումանեան գրեթէ մէկ տարի ետք հեռացուեցաւ պաշտօնէն, ապա նշանակուեցաւ Արցախի նախագահի խորհրդական:
«Արցախփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեան յայտնեց, որ իր խորհրդականը ձերբակալելու մասին տեղեկացուած չէր Արցախի նախագահ Յարութիւնեան: «Գեներալ Արզումանեանին Նախագահը համարում է մեր լաւագոյն զօրահրամանատարներից մէկը, ով ունի անցած փառաւոր ճանապարհ: Անուրանալի են նրա գործադրած ջանքերը նաեւ 2020ի պատերազմի ժամանակ: Ճիշդ է` բանակի հրամանատարութիւնը նա ստանձնել է պատերազմի աւարտից ընդամէնը 12 օր առաջ, բայց գործադրել է մեծածաւալ ջանքեր ռազմական գործողութիւնների արդիւնաւէտ վարման ուղղութեամբ: Յոյսով ենք, որ ձերբակալութեան հանգամանքները շուտափոյթ կերպով կը պարզուեն: Գեներալ Արզումանեանի ձերբակալութեան հետ կապուած իրավիճակի զարգացումները գտնւում են նախագահ Յարութիւնեանի ուշադրութեան կենտրոնում», ըսաւ Աւանեսեան: