ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իրենց սեփական մտահոգութիւնները անձնապէս կրելու դժուարութիւն ունեցողներ միշտ կը փնտռեն մարդիկ, որոնց կ՛ուզեն պատմել զանոնք: Սեփական մտահոգութիւններէն աւելի անձնական են մարդու զգացումները, որոնք այնքա՜ն նուրբ լարերու վրայ կը նուագուին, որ երբեմն անոնց ձայնը միայն տուեալ անհատին լսելի կը դառնայ:
Զգացումները մարդ անհատի ուժականութեան արտայայտութիւններն են: Այն մարդը որ անզգամ է, այսինքն զուրկ է զգացումներէ, մարդկային ընկերութէան մէջ ուժական ներկայութիւն չէ: Կրնան ոմանք առարկել, որ ընդհակառակը, անզգամ մարդիկ շատ աւելի ուժեղ կամ աւելի կտրուկ արարքներ կը գործեն, նոյնիսկ ուրիշները մինչեւ մահուան դուռը հասցնելով: Բարոյագէտներու կարծիքով, սակայն, անոնք ուժեղ կամ հզօր արարքներ չեն, այլ՝ շատ տկար եւ նոյնիսկ վախի ազդեցութեան տակ կատարուած գործեր:
Մարդկային զգացումներու նուիրականութիւնը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ գաղտնապահութեամբ: Այս առիթով կրկնենք բազմաթիւ անգամներ հաստատուած եւ բոլորին ծանօթ ճշմարտութիւնը, թէ՝ ամէն մարդ գաղտնապահ չէ: Հիները կ՛ըսէին, որ ոմանց բերանին մէջ սիսեռ մ՛իսկ չի թրջուիր: Այսինքն՝ եթէ սխալիս եւ անոնց գաղտնիք մը յայտնես, քիչ ետք բոլորը կ՛իմանան այդ եւ դուն կը խայտառակուիս:
Մարդկային զգացումներու նուիրականութիւնը կը խոցոտուի նաեւ այն պատճառաւ, որ այդ զգացումներով կրնան հետաքրքրուած չըլլալ լսողները:
Այսօրուան կեանքը այնքան խճողուած է եւ ամէն մարդ այնքան բազմազբաղ է, որ իւրաքանչիւրին ունեցած օրական մտահոգութիւնը իրեն համար բաւարար է: Ոմանք իրենց ունեցած առօրեայ մտահոգութիւններուն պատճառաւ գիշերը հանգիստ քուն չեն ունենար: Ուրեմն, երբ ուրիշը հետաքրքրուած չէ քու ապրած մտահոգութեամբ եւ մանաւանդ ժամանակ չունի քեզմով զբաղելու, քու զգացումներն ալ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ իրեն համար: Փաստօրէն, անոր մէկ ականջէն մտածը, քիչ ետք միւս ականջէն դուրս կու գայ, մինչ դուն կը շարունակես տագնապիլ, վստահիլ այդ անձին, եւ մանաւանդ այնպէս ենթադրել, որ քեզ լսողը քեզի հետ պիտի տագնապի, պիտի մտահոգուի, կամ լուծումներու մասին մտածէ՝ քեզ փրկելու համար անել կացութենէդ:
Ուրիշին օգնելու պատրաստակամութիւն ունենալը առաքինութիւն մըն է, որմէ զուրկ են շատեր: Վերը ներկայացուցինք մարդկային առօրեայ խճողեալ կեանքի պարագան՝ իբրեւ պատճառներէն մէկը, որ մարդ ժամանակ չունի ուրիշով զբաղելու: Սակայն, տակաւին կայ պատրաստակամութիւն չունենալու հարցը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ մէկը ժամանակ ունենայ կրնայ պատրաստակամութիւն չունենալ ուրիշին օգտակար հանդիսանալու: Ինքնաբաւ ըլլալը, մանաւանդ՝ անձնասէր, հիմնական արգելքներէն կը հանդիսանան, որոնք չեն թոյլատրէր, որ ուրիշին օգտակար ըլլայ մարդ:
Վստահաբար բազմիցս լսած էք «ինծի ի՛նչ» արտայայտութիւնը, որ այնքան շուտ կը թռչի անձնասէր եւ ինքնահաւան մարդոց բերանէն: «Ինծի ի՛նչ» արտայայտութեամբ, նման անձեր ո՛չ միայն փախուստի կը դիմեն խնդրայարոյց կացութիւններէ, այլեւ իրենց ուժերը եւ կարողականութիւնը կը վերապահեն միայն իրենց անձին: Լաւագոյն պարագային, նման անձեր ներողամտութիւն կը խնդրեն իրենց դիմող տագնապահար անձէն՝ պատճառաբանելով ու ըսելով. «Իմ ունեցած հարցերս բաւարար են ինծի»:
Կասկած չկայ, որ ներկայ բազմատեսակ դժուարութիւններով ծանրաբեռն կեանքին մէջ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր անուն եւ անանուն հարցերը. գործերու ձախողութիւն, տնտեսական տագնապ, բնակարանային հարց, ապրուստի խնդիր, ապագայի ծրագիրներ, ուսման ու գործի հեռանկարներ եւ բազմաթիւ այլ նիւթէր: Ո՞վ ժամանակ ունի ուրիշով զբաղելու: Սակայն, բամբասանքի, մեղադրանքի, ուրիշներու համար թակարդներ լարելու եւ այլ տեսակի չար ծրագիրներ մշակելու համար, ոմանց մօտ ո՛չ ժամանակ կը պակսի եւ ո՛չ ալ ճիգ…: Ուրեմն, ժամանակի չգոյութեան հարցը լոկ պատճառաբանութիւն է, որովհետեւ բարոյագիտութեան ակնոցով դիտուած «ժամանակ չունիմ» արտայայտութիւնը բացայայտ սուտ մըն է: Եթէ նման արտայայտութեան մը նախդիր աւելցուէր՝ «քեզի համար»ը, այն ատեն յստակ կը դառնար, որ այդ ժամանակը քեզի յատկացնելու տրամադիր չէ այն անձը, որուն օգնութեան դիմած ես: Այստեղ սուտի խնդիր չի՛ մնար, այլ տուեալ անձը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ քեզի տրամադրելի ժամանակ չունի:
Ծաղրանքը եւ ուրիշին ցաւին վրայ ծիծաղելու երեւոյթը եւս պէտք է զգօն դարձնեն այն անձերը, որոնք իրենց նուիրական զգացումները ուրիշներուն վստահելու փորձութեան կը մատնուին:
Երգիծական խառնուածքով օժտուած անձեր ճիշդ այսպիսի պահեր կը փնտռեն, որպէսզի նիւթ հաւաքեն ծիծաղի, որուն պատճառով «հեղինակ» կը դառնան բազմաթիւ երգիծական «կտոր»ներու…: Ամէն տեղ, ամէն առիթով, եւ նոյնիսկ երբեմն ենթակային անունը յիշելով, անոնք կը մէջբերեն այն անձին ըսածները, որ իր սիրտը բացած էր իրենց: Անոնք այդ նիւթերը համադրելով՝ քրքիջի ու ծիծաղի կը հրաւիրեն իրենց ունկնդիրները:
Երգիծանքը, ըստ էութեան, չափազանցուելով կը լիանայ եւ առաւել ծիծաղի պատճառ կը դառնայ: Ուստի, երգիծաբանը պէտք է չափազանցութեան տանի իր լսածը, նոյնիսկ եթէ ատիկա ուրիշին սիրտին մէջ կոտտացող ցաւ է, կամ զայն մտատանջութեան առաջնորդած հարց մը: Հանդիպած անձերէդ քանի՞ն քու զգացումները լուրջի կ՛առնէ: Ի՞նչ ապահովութիւն ունիս այս առումով, եւ ինչպէ՞ս կրնայ կռահել, որ գաղտնապահ է քեզ ունկնդրող անձը: Թերեւս քու պատմած անձնական խնդիրը անոր համար ծիծաղաշարժ նիւթ մըն է:
Մարդ ճանչնալը մէկ հարց, անոր վստահիլը երկրորդ հարց: Այս երկու հարցերուն մէջ կը տուայտին ոմանք, եւ լաւագոյն որոշումով մը իրենց կը վերապահեն սեփական գաղտնիքները: Գաղտնապահութիւնը ոմանց մօտ այդ տուայտանքէն կը պատճառուի, եւ զիրենք ներամփոփ կը դարձնէ: Նման անձեր իրենք իրենց ցաւին հետ կ՛առերեսուին՝ փորձելով ներքնապէս լուծումներ գտնել անոր, ներքին համոզում գոյացնելով, որ իրենք կրնան հարթել դժուար կացութիւնը:
Կեանքին «թատերաբեմ» իսկ մարդոց «դերասան» ըլլալուն մասին շատեր գրեր են մեզմէ առաջ: Ժխտական պատկերներ են վերոյիշեալները, այսինքն՝ իրական կեանքին՝ միշտ քօղարկուած մնալու հասկացութիւնը կը հաղորդուի նման պատկերացումով: Մարդիկ եթէ անկեղծ ըլլան, ինչո՞ւ դեր պիտի խաղան մարդկութեան կեանքին մէջ, զայն թատերաբեմի վերածելով:
Անձնական զգացումները ուրիշներուն բանալով, այդ զգացումներու ազդեցութեան տակ եղող մարդիկ թատրոն կը բեմադրեն ակնդիրներուն դիմաց: Սրտցաւ եւ քեզի նման մտածող մարդոց թիւը քիչ է: Ամէն մարդ քեզի նման ուրիշին վշտակից եւ ցաւակից չէ՛: Ուրեմն, քու մարդկային ամէնէն նուրբ զգացումները ուրիշին մի՛ պատմեր, որովհետեւ անոր համար պարզապէս թատրոն կրնայ թուիլ քու տագնապը: Աստուած պատրաստ է լսելու քու մտահոգութիւնը: Սիրտդ միայն Աստուծոյ բաց…: