Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան (ՖԻՏԷ) հրապարակած Սեպտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչներ:
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 32րդ դիրքը, Հայկ Մարտիրոսեան` 80րդ դիրքը, իսկ Շանթ Սարգսեան` 87րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, մինչ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 8րդ դիրքը:
Կանանց դասաւորման մէջ, Էլինա Դանիէլեան կը գրաւէ 37րդ դիրքը, Աննա Սարգսեան` 80րդ, իսկ Լիլիթ մկրտչեան` 93րդ: