Մանկացեալ Աստուծոյ աննախադէպ ծնունդը համայն աշխարհի քրիստոնէութեան ուշադրութիւնը դարձեալ կը կեդրոնացնէ Աւետարաններու մէջ պատմուած պարզունակ այն դրուագին վրայ, ուր կը նկարագրուի Ծնունդը մարդկութեան Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, տեսնելու համար թէ ի՞նչ կարելի է քաղել անկէ, այսօրուան մեր կեանքին իբրեւ ուղղութիւն:
Ինչքան ալ փորձենք մեկնաբանել Յիսուսի ծննդեան դրուագը, դարձեալ չենք կրնար անդրանցնիլ այն պարզունակութիւնը, որ արտայայտուած է Աւետարաններու բնագիրներուն մէջ: Այնքան պարզ, որ տակաւին փոքր դասարաններու երեխայ մը կրնայ հաճոյքով կարդալ ու հասկնալ զայն:
Այդ օրերուն Հռոմի Օգոստոս կայսրը, խորհրդակցաբար Ասորիքի՝ Սուրիոյ կուսակալին՝ Կիւրենիոսի, եւ անոր սահմաններուն մէջ գտնուող Պաղեստինի կուսակալ Հերովդէս թագաւորին, մարդահամար մը կատարել կու տայ, կարգաւորելու համար իր կայսրութեան հպատակներու տուրքի արձանագրութիւնները: Կ’որոշուի, որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը պիտի երթայ իր անունը արձանագրել տալու համար: Առ այդ, Յովսէփ իր հետ առնելով Մարիամը, կ’երթայ Բեթղեհէմ: Ամէն շրջաններէն բեթղեհէմցիներ իրենց բնիկ գիւղը եկած ըլլալով, պանդոկներուն մէջ տեղ չէր մնացած: Ուստի Յովսէփ ու Մարիամ հազիւ կրցան անշուք ախոռի մը մէկ անկիւնը գիշերել, եւ ուր ծնաւ Յիսուս, եւ դրուեցաւ կենդանիներու մսուրին մէջ, ուրկէ յարդ կ’ուտէին անոնք:
Քանի մը տեսակի դերակատար անձնաւորութիւններ կան Յիսուսի ծննդեան դրուագին մէջ, որոնց նկարագիրն ու կատարած գործը մեր ուշադրութեան առարկան դարձնելով, կրնանք ըմբռնել այն մեծ զոհողութիւնը, զոր Աստուած յանձն առաւ, մեղաւոր մարդը իրեն հետ հաշտեցնելու համար:
Ո՛չ Օգոստոս կայսրը, ո՛չ ալ կուսակալ Կիւրենիոս իմացան Յիսուսի ծնունդը, եւ նոյնիսկ եթէ իմանային՝ մեծ հետաքրքրութիւն մը ցոյց պիտի չտային, իրենց արքայական փառքով այնքան փառաւորուած ու ճոխացած ըլլալով: Սակայն կար երրորդ թագաւոր մը՝ Հերովդէսը, որ կայսրութեան սահմանին մէջ գտնուող Պաղեստինին կ’իշխէր: Իր մեծաւորներուն ձեռքին մէջ խաղալիք, շրջապատին նկատմամբ կասկածամիտ այս խեղճութիւնը երբ իր մօտ այցելող երեք մոգերէն իմացաւ, թէ արքայազուն մը ծնած է, վախցաւ, որ իր թագաւորութիւնը պիտի յափշտակէ ան, երբ մեծնայ: Եւ կարելի բոլոր միջոցներուն դիմեց իր վախը փարատելու համար, նոյնիսկ չխնայելով Բեթղեհէմի երկու տարեկանէն վար բոլոր մանուկներուն, զորս սպաննել տուաւ՝ երբ չկրցաւ յայտնաբերել նորածին արքան:
Յիսուսի ծննդեան դրուագով միայն յիշուող այս խեղճ անձնաւորութեան՝ Հերովդէսի նկարագրով մարդոց կը հանդիպինք գրեթէ ամէն օր, տարբեր անուններով, տարբեր հանգամանքներով ու տարբեր վայրերու մէջ: Խեղճութիւններ՝ որոնք իրենց ինչ-ինչ թերութիւնները, սխալներն ու յանցանքները ծածկելու նպատակով, ամէնէն վատ միջոցներուն կը դիմեն. նախատինք, թուք ու մուր քսելով ուրիշի անուան ու պատուին, վաստակին ու աշխատանքին վրայ: Այդպիսիներ կը կարծեն յաջողած ըլլալ, նման Հերովդէսին, որ իր աչքերը փակեց այն համոզումով, թէ սպաննած էր այդ անսովոր թագաւորազունը…:
Յիսուսի ծննդեան դրուագը միանգամընդմիշտ կու գայ ըսելու բոլորիս, որ ամէն մէկը իր տեղը ունի այս աշխարհի մէջ, եւ ի՛նչ ալ փորձես ընել կեանքի ու պատմութեան ընթացքը փոխելու համար՝ պիտի չյաջողիս Աստուծոյ ծրագիրը շեղել, կամ ձեռք երկարել Աստուծոյ ընտրեալին: Նախախնամող Աստուած գիտէ, թէ ե՞րբ քեզ «Եգիպտոս» պիտի փախցնէ, այսինքն ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս քեզ ստոյգ մահէ պիտի ազատէ, գիտէ, թէ ե՞րբ «Եգիպտոսէն» պիտի կանչէ, գիտէ թէ ե՞րբ առաքելութեան պիտի կոչէ, եւ գիտէ թէ ի՞նչ մահով պիտի կնքես մահկանացուդ, այնպէս, ինչպէս եղաւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի նախասահմանեալ կեանքը:
Ս. Ծննդեան դրուագին մէջ յիշուող խումբ մը անձեր կան՝ հովիւները, որոնք առաջին ականատեսները կը դառնան այս պատմակերտ ու անկիւնադարձային անձին՝ նորածին Թագաւորի աշխարհ գալուն: Խոնարհ պայմաններու մէջ ծնած նորածինը առաջին անգամ տեսնողները պիտի ըլլային մարդկային ընկերութեան ամէնէն խոնարհ խաւին պատկանող մարդիկ: Հովիւները աղքատ ու աննշան մարդիկ էին, բայց պատիւը իրենց տրուեցաւ առաջին անգամ Փրկիչը տեսնելու: Ճիշդ է, յաջորդող դարերուն բազմաթի՜ւ ուրիշներ պիտի գային Փրկիչը տեսնելու, որոնց շարքին կայսրեր ու կայսրուհիներ, թագաւորներ ու թագուհիներ, իշխաններ ու իշխանուհիներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու քաղաքական մեծամեծ գործիչներ, սակայն բոլորն ալ Նորածինին պատկերին առջեւ պիտի խոնարհէին, սակայն այդ պարզ մարդիկը երջանկութիւնը ունեցան նորածին Փրկիչը իրենց հողեղէն աչքերով տեսնելու…:
Այս եւս ուսանելի մեծ խորհուրդ մը ունի իր մէջ, որովհետեւ յաճախ մեր անարգած ու անտեսած մարդիկը կրնան Աստուծոյ շնորհքին արժանանալ ու ամօթով ձգել մեզ: Ի զուր տեղը չէ, որ մարդկութեան ժառանգ մնացած հրեշտակային միակ երգը «Փառք ի բարձունս»ը, միայն հովիւներուն լսելի եղաւ: Անոնք լսեցին Աստուծոյ հաշտութեան կանչը մարդուն հետ եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն տեսնելու Անոր յաւիտենական իղձը. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն…»: Հովիւներուն նման պարզունակ, անկեղծ, միամիտ ու բարի ականջներ պէտք է ունենալ, լսելու համար այդ հրեշտակային օրհներգութիւնը, այլապէս մեր ականջներուն մէջ լսուող ցած ու բարձր ձայները կեղծ կ’ըլլան ու միաժամանակ վտանգաւոր: Իր Միածնին Ս. Ծնունդը առաջին անգամ հովիւներուն աւետելով, Աստուած կը յայտարարէ, թէ ինք կը գնահատէ խոնարհները, հեզերն ու աներկբայ հաւատք ունեցող մարդիկը:
Ս. Ծննդեան դրուագին մէջ յիշուող միւս խումբ մը անձերը՝ երեք մոգերն են, որոնց ինքնութիւնը եւ նուիրաբերումը մեծ նշանակութիւն ունի մեր քրիստոնէական կեանքը ուղիղ եւ Աստուածահաճոյ ապրելու եւ աւարտելու իմաստով:
Մոգերը վստահաբար հրեաներ չէին, այլ հեթանոսներ: Այս արդէն մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ճիշդ է, որ Փրկիչը պիտի ծնէր հրէական շրջապատի մէջ, սակայն պիտի չսահմանափակուէր միայն Իսրայէլի ժողովուրդին մէջ, այլ համայն աշխարհի Փրկիչը պիտի ըլլար: Սա մարգարէութիւն մըն էր ինքնին, որ պիտի կատարուէր աւելի ուշ, որովհետեւ հովիւներուն արտայայտած անկեղծ զգացումներուն նմանութեամբ, հրէական շրջանակին մէջ խոնարհ խաւը պիտի հետեւէր Յիսուսի ու հաւատար Անոր աստուածային առաքելութեան, մինչ հետագային, հեթանոսական շրջանակին մէջ, օտարազգի այդ երեք մոգերուն՝ կարեւոր ու բարձրաստիճան այդ մարդոց նմանութեամբ, կայսրեր ու թագաւորներ աւելի շուտ պիտի հաւատային Քրիստոսի, քան հրեայ ղեկավարներ, որոնք աւելի խորապէս կառչած պիտի մնային իրենց հայրերու աւանդութեան եւ հին օրէնքին:
Այդ մոգերուն ընծայաբերած նուէրները եւս ունին իրենց կարեւոր իմաստը եւ քրիստոնէական մեր կեանքը ճշգրիտ հունի մէջ դնելու առումով մեծ նշանակութիւն ունին: Աւետարանը կ’ըսէ, թէ նորածին արքային առջեւ խոնարհելէ եւ երկրպագելէ վերջ, մոգերը բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:
Ճիշդ է, որ անոնք թանկագին նուէրներ էին, սակայն անոնց արժէքը անոնց խորհրդանշական իմաստին մէջ է եւ ոչ թէ նիւթին:
Ոսկին, որ մետաղներուն ամէնէն ազնիւն է, ամէնէն մաքուրը, ամէնէն փայլունն ու փափուկը, գրաւիչ է ու սիրուն, կը խորհրդանշէ մարդկային հոգին, զոր Աստուծոյ պէտք է ընծայուի ոսկիի՛ պէս, մաքո՛ւր, ջի՛նջ, փայլո՛ւն, անարատ, իբրեւ անգին գանձ մը մեր կեանքի արկղէն դուրս բերուած: Այդ ոսկիին վրայ մեր աստուածահաճոյ վարքով կրնանք աւելցնել ադամանդներ ու թանկագին քարեր, որոնք մեր ի գործ դրած առաքինութիւնները պիտի ըլլան: Մոգերէն առաջինը ոսկի նուիրելով մանուկ Յիսուսին, բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդկութեան կը փոխանցէ երկնային պատգամը, թէ Յիսուս քեզմէ միայն մաքուր հոգիդ կը սպասէ իբր նուէր, այլապէս քու կատարած բոլոր խոստովանութիւններդ զուր տեղ են ու անիմաստ կը դառնան:
Երկրորդ՝ կնդրուկ: Անուշահոտ խունկն է կնդրուկը, որուն բոյրը գուլայ-գուլայ երկինք կը բարձրանայ, խորհրդանշելով մեր աղօթքները առ Աստուած: Հարց տուր դուն քեզի այս պահուն. կ’աղօթե՞մ թշնամիներուս համար, կ’աղօթե՞մ զիս ատողներուն համար, կ’աղօթե՞մ իմ ատած անձերուս համար: Ահա այն ատեն Յիսուսի առջեւ քու դրած կնդրուկդ աղօթքի վերածուելով կ’ամպանայ առ Աստուած, այլապէս զուր տեղ են խօսքերդ ու աւելորդ ձեւապաշտութիւն կը նկատուին բարեպաշտական բոլոր արարքներդ:
Երրորդ՝ զմուռս: Զմուռսը յատուկ նիւթ մըն էր մեռելներու մարմինները զմռսելու եւ աւելի երկար պահպանելու համար, որ հին ժողովուրդներու թաղմանական ծիսակարգին մաս կը կազմէր: Հին եգիպտացիներն ալ գործածած են զմուռսը, փարաւոնները զմռսելու եւ ընդ երկար պահելու համար անոնց դիակը: Երրորդ մոգին կողմէ Յիսուս մանուկին նուիրուած զմուռսը կը խորհրդանշէ մեր մարմինը, որ առաքեալին բացատրութեամբ տաճար է Հոգւոյն Սրբոյ եւ, իբրեւ այդպիսին, զմռսուած անձի մը պէս, ապականութենէ հեռու պէտք է մնայ: Այս մարմնին տէրը չե՛նք մենք, այլ պահապանը միայն: Յիսուս պիտի բնակի անոր մէջ: Ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ այսօր Յիսուս ըսէր քեզի, թէ քու տունդ պիտի այցելէ: Երբ հոգեւորական մը, կամ նոյնիսկ շատ յարգած մէկ բարեկամդ լուր տայ քեզի, թէ տունդ պիտի այցելէ, ինչպէ՛ս կը տագնապիս, կը հաւաքես ու կը շտկես աջ ու ձախ լքուած իրերը, կը յարդարես ամէն կողմ, որպէսզի լաւ տպաւորութիւն թողուս անոր վրայ: Ո՞ւր պիտի բնակի Յիսուս, երբ ապականած է մարմինդ բազմապիսի մոլութիւններով, որոնք կը փճացնեն քեզ: Մինչդեռ երբ զմռսես մարմինդ Աստուծոյ շնորհքին անապականութեամբ, ան կը վերածուի իսկական Տաճարի Սուրբ Հոգւոյ եւ զոր ընծայ կրնաս տալ Յիսուսին, որպէսզի գայ ու բնակի անոր մէջ:
Թող Աստուած մոգերուն բերած այս երեք ընծաները դնէ մեր ձեռքերուն մէջ, որպէսզի այս գիտակցութեամբ նուիրենք զանոնք Յիսուս մանուկին, հրեշտակներուն հետ երգելով միշտ եւ ըսելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն»: