
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 12 Ապրիլ 1935ին, Քամիշլի, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վարդգէս Գասապեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Կարօ Գասապեան եւ զաւակները՝ Ալեսանտրօ եւ Ալեկրա
Զաւակը՝ Տիգրան եւ Անտրէա Գասապեան եւ զաւակները՝ Քրիսթըֆըր, Լիսա եւ Մարք
Զաւակը՝ Ժերարտ եւ Ալին Գասապեան եւ դուստրերը՝ Լուսին եւ Քաթերինա
Եղբայրը՝ Օհաննէս եւ Մատլին Գասապեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Զոհրապ եւ Սոնիա Գասապեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Զապէլ Էքմէքճեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Անդրանիկ եւ Հուրի Գասապեան եւ ընտանիք
Աներորդին՝ Կարօ եւ Մայտա Գլըճեան եւ ընտանիք
Քենին՝ Էմմա Խաչատուրեան եւ ընտանիք (Սուրիա)
Քենին՝ Ծովինար եւ Գրիգոր Տէօքմէճեան եւ ընտանիք
Աներորդին՝ Տիրան եւ Սօսի Գլըճեան եւ ընտանիք
Քենին՝ Վիքի եւ Մկօ Թիւրպենտեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Գասապեան, Գլըճեան, Տէօքմէճեան, Թիւրպենտեան, Լայս, Աճէմեան, Սուքու եւ Գարակէօզեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Terrace ճաշարանին մէջ, 17239 Ventura Blvd., Encino, CA 91316
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Գապայեան» նախակրթարանի եւ «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի «Vartkes and Lucine Kassabian Scholarship Fund»ին (checks payable to Holy Martyrs, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316)։
***
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը (Armenian Cultural Foundation) իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն՝ տոքթ. Կարօ, Տիգրան եւ Ժերարտ Գասապեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։