ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նախորդ օրերուն, բազմիցս հերքելով Ատրպէյճան ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութիւնները, թէ հայկական կողմը ռմբակոծած է Քարվաճարի եւ Բերձորի ատրպէյճանական դիրքերը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 6 Սեպտեմբերին հաղորդեց, որ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է կրտսեր սերժանտ (յիսնապետ) Արման Սարգսեան՝ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուելով:
Նահատակ զինուոր Արման Սարգսեան Վայոց Ձորի մարզի Մալիշկա գիւղէն էր: Այս մասին յայտնեց վարչական շրջանի ղեկավար Գարիկ Նազարեան, որ նշեց, թէ ան բանակ զօրակոչուած էր նախորդ տարուան Յունիսին:
20ամեայ Արման Սարգսեան ընտանիքի կրտսեր զաւակն էր. ունէր մէկ եղբայր։ Ան կը ծառայէր Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակի զօրամասին մէջ: «Ապրում էր ծնողների եւ տատիկի հետ միասին: Լաւ ընտանիք ունէր, ծնողները հասարակ, լաւ մարդիկ են», պատմեց Նազարեան:
Նշելով, որ դէպքը տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ՝ հայկական կողմը, սակայն, չ չյստակացուց ճիշդ վայրը:
Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի այս գործելաոճը, որուն հիմքը հայկական կողմը ամբաստանելն է՝ գործողութիւններ իրականացնելու եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու փորձերուն վերաբերեալ եւ այս մասին բացարձակ կեղծ տեղեկութիւններ տարածելը, ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ սահմանային իրավիճակի իրական կայունացման:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութենէն ժամ մը ետք, Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը հերքեց, որ հայ զինուորը սպաննուած է ատրպէյճանական կողմի կրակոցէն՝ դարձեալ կրկնելով, որ «հայկական զինուած ուժերը ռմբակոծած են Քելբաջարի շրջանի Զիւել գիւղին մօտ տեղակայուած իրենց դիրքերը»:
Զիւելը կը գտնուի հայաստանեան Վերին Շորժա բնակավայրին մօտ: Վարդենիսի յարակից Վերին Շորժա եւ Կութ գիւղերու համայնքապետերը «Ազատութեան» յայտնեցին, որ իրենց՝ սահմանամերձ գիւղերուն ուղղութեամբ իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ, կայուն է, թէեւ նախորդ օրերուն, ինչպէս յաճախ տեղի կ՛ունենար 44օրեայ պատերազմէն ետք, գիւղերուն մէջ կրակոցներ կը լսուէին:
Վերին Շորժայի համայնքապետ Արտեոմ Երանոսեան աւելցուց, թէ գիւղատնտեսական աշխատանքները կանգ չեն առած։ «Հանգիստ է, նորմալ: Ամսի (Սեպտեմբերի) մէկի օրը ինչ-որ կրակոցների ձայն է լսուել: Հիմա հանգիստ է, կոմբայնը (հնձող մեքենան) դաշտում հունձ է անում, ցորեն են քաղում, նոր տղերքի հետ խօսեցի, հանգիստ, կոմբայնն էլ դաշտում քաղ է անում, բայց այդ օրը կրակոցները շատ են լսուել»:
Ըստ Վերին Շորժային հարեւան Կութի գիւղապետ Գրիգորի Աւագեանի՝ իրենց մօտ բնականոն կեանքը կը շարունակուի։ «Նորմալ է մեզ մօտ վիճակը, մարդիկ բնականոն կեանքով, ոչ մի խոչընդոտ չկայ առայժմ: Թէ յետոյ ոնց կը լինի, չգիտենք: Կրակոցներ կան, ոնց էլ չլինի, կրակոցնէր լինում են: Վերջին օրերին նոյնն է, տարբերութիւնն այդքան շատ չեմ նկատում»:
Օգոստոսին, Արցախի մէջ մարտերը վերսկսելէն առաջ Բաքուն հայկական կողմը կը մեղադրէր։
Ուրբաթ օրուընէ սկսեալ, երբեմն օրական երկու անգամ Երեւան հերքեց զինադադարի խախտման մասին Պաքուի պնդումները, որոնք յաջորդեցին նախորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւններուն:
Այս հանդիպումէն քանի մը օր ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան կը միտի տապալել խաղաղութեան գործընթացը եւ ուժի կիրարկման միջոցով շարունակել ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը: