
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայ-ամերիկեան թանգարանին եւ մշակութային կեդրոնին զօրակցելու նպատակով կազմուած երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբին՝ 28 Հոկտեմբերի երեկոեան ժամը 8էն սկսեալ, Փասատինայի «Նուռ» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընկերային իւրայատուկ հաւաքոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի թանգարանին։
Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի: Արդէն իսկ կառուցելու սկսած երկյարկանի Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Ձեռնարկին մասին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը:
Ամոթ չ’ըլլայ հարցընելը. աս բրոժէն քանիի պիտի նայի. լսէր եմ որ 50 միլլիոնի չափ տոլլար պիտի ծախսվի ասոր վրայ: Աս դրամը աւելի կարեւոր բրոժէներու վրան չէ՞ք կրնար տալ, լսելովս դպրոցները եւ հայկական միութիւնները բաւական բացեր ունին ձեր քաղաքին մէջը, ձեր թերթն ալ դրամի պետք ունի: Դպրոցներուն մէջը հայերէն բրոկրամներն ալ ամմէն տարի մէջը կուտան, դպրոցէն ելլողը լաւ հայերէն չխոսիր, չըգրեր, դպրոցին մէջն ալ ամմէնը անգլերէն կը խոսին, մէջը ըլլալով պարոնները եւ օրիորդները: Անանկ կը տեսնամ որ աս թանգարանը հայութիւնէն մնացած միակ բանը պիտի ըլլայ վերջաւորութեան: Դեր չիխոսիմ Հայաստանի եւ Արցախի մասին: Գրէր էիք որ Հայաստանի մէջը դպրոց մը նորոգէրէք: Պրաւօ. ասանկ բրոժերու վրայ դրամ դնելը աւելի լաւ կըլլայ, քան թէ որ թանգարան շինեք: Հայաստանի մէջը մարդիկը խելքերնին կորսնցուցէր են, աս հիւանդութիւնը Լոսանճելոս հասէր է կերեվի կոր: