ԸՆԴԳԾՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒՄԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7 Սեպտեմբերին, Վլատիվոսթոքի մէջ հանդիպում ունեցան:
Փութին, խօսելով երկկողմ կանոնաւոր մնայուն կապերուն, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բոլոր ուղղութիւններով զարգացող յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական կազմակերպութիւններուն, ՀԱՊԿի մէջ գործակցութեան մասին՝ ընդգծեց, որ ամէնէն զգայուն հարցերէն մէկը Արցախի մէջ ապահովութիւն երաշխաւորելուն վերաբերող իրավիճակն է:
«Մենք միշտ ձեզի հետ կը խօսինք այդ մասին, մնայուն կապի մէջ ենք։ Ուրախ եմ, որ Ռուսիա կատարած ձեր այցելութեան՝ Վլատիվոսթոքի տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ եւս կը խօսինք այդ բոլոր նիւթերուն մասին», ըսաւ Փութին:
Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Հայաստանի առեւտրական-տնտեսական գործընկերներու կարգին Ռուսիա կը շարունակէ գրաւել առաջին դիրքը: «Առեւտրական շրջանառութիւնը վերջին շրջանին մօտաւորապէս 25-30 տոկոսով աճած է: Մենք, իսկապէս, կը տեսնենք Հայաստանի մէջ տնտեսական կայունացում: Ձեր կառավարութեան կողմէ շատ բան կատարուած է այդ ուղղութեամբ», յայտնեց նախագահը՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններ կան նաեւ ընկերութիւններու եւ պարզ մարդոց ճամբով, որոնք կը գործակցին ու միացեալ ծրագիրներ իրականութիւն կը դարձնեն։
«Դուք նշեցիք, եւ ես նոյնպէս ցանկանում եմ նշել Լեռնային Ղարաբաղում ռուսական խաղաղապահների առաքելութիւնը: Պէտք է խոստովանել, որ դա հեշտ առաքելութիւն չէ, մենք բազմաթիւ անգամ այդ մասին խօսել ենք եւ մենք շատ բարձ ենք գնահատում Լեռնային Ղարաբաղում, Լաչինի միջանցքում ռուսական խաղաղապահների գործունէութիւնը: Կարծում եմ դա ընդգծելը շատ կարեւոր է: Ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղում անվտանգութիւն ապահովելու գործում կան նրբութիւններ, որոնք մենք միշտ քննարկում ենք, եւ կարծում եմ այսօր եւս շատ յարմար առիթ է քննարկելու այդ հարցերը», իր կարգին ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներու առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը նոյնպէս աւանդական բնոյթ կը կրեն: «Շատ ուրախալի է, որ յետ-համավարակային շրջանում մեր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները ոչ միայն վերականգնուել են, այլ նաեւ որոշակի նոր դրական զարգացումներ կան, որոնց մասին մենք խօսեցինք ֆորումի ժամանակ», ըսաւ Փաշինեան։