ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գործարար, բարերար եւ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, որ, ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարած էր, թէ կը հրաժարի ռուսական քաղաքացիութենէն, բնակութիւն պիտի հաստատէ Արցախի մէջ եւ հանդէս եկած էր առաջարկելով՝ Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման աջակցութեան Համահայկական ճակատ ստեղծել, 8 Սեպտեմբերին Արցախի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան գործակցութեան հեռանկարները:
Յարութիւնեան ողջունեց Վարդանեանի՝ Արցախ տեղափոխուելու եւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորման ու զարգացման գործին անմիջական մասնակցութիւն ունենալու որոշումը՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այդ քայլը օրինակ կը ծառայէ աշխարհասփիւռ բազմաթիւ հայերու:

Նոյն օրը Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունց՝ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ յանձնաժողովներու նախագահներուն մասնակցութեամբ ընդունեց Ռուբէն Վարդանեանը:
Բաղունց եւս ողջունեց Վարդանեանի՝ Արցախի քաղաքացիութիւն ստանալու, Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու որոշումը եւ յոյս յայտնեց, որ այդ կարեւոր քայլով կ՛արդարացնէ արցախցիներու ակնկալութիւնները:
Իր կարգին Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար, բարձր գնահատեց օրէնսդիր մարմինին՝ յետ-պատերազմեան եւ յատկապէս ստեղծուած ծանր պայմաններու մէջ տարած գործունէութիւնը:
«Արցախի ապագայի հարցը միայն Արցախում ապրողների խնդիրը չէ, այլ համայն հայութեան», նշեց Վարդանեան եւ վստահեցուց, որ պատրաստ է բոլոր իր հնարաւորութիւնները եւ ներուժը օգտագործելու ի նպաստ Արցախի:
Խօսելով ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին՝ Վարդանեան անդրադարձաւ Արցախ այցելելու 3 հիմնական նպատակներու տեսլականը՝ Արցախի կարգավիճակի, ապահովութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերեալ:
Ան կարեւոր նկատեց ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ տեղեկատուական ապահովութեան երաշխաւորման հարցը: «Մինչեւ Արցախի հարցը չլուծուի, ես ոչ մի տեղ չեմ գնայ», ըսաւ ան:
Խորհրդարանականները ողջունեցին Արցախի եւ հայոց աշխարհի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին Վարդանեանի տուած որոշումը եւ փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնելը: Անոնք կարեւոր նկատեցին համախմբուածութիւնը յստակ նպատակի ու խնդրի շուրջ:
Հոյսովենք վոր Հայրենասեր Պարոն Ռուբէն Վարդանեանի օրինակին առավել ընտիր մարդիկ հետեվեն կայունացնելու մեր շատ սիրելի թանգ Արցախը միացնելով Մայր Հայաստանին։ Ամէն💕💖