ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Սեպտեմբերին, ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին 5 հայ ռազմագերիներ վերադարձուց:
Լուրը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ փոխանցեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ)՝ նշելով վերադարձած գերիներուն անունները՝ Աղրամանեան Մարտին (1996ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Գէորգեան Աշոտ (1998ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Գրիգորեան Ֆելիքս (1996ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Մանուկեան Վարազդատ (1990ի ծնունդ, Գիւմրիէն) եւ Յովսէփեան Էդիկ (1999ի ծնունդ, Վանաձորէն):
«Ողջունում ենք այս գործողութիւնը՝ որպէս յարաբերութիւնների կարգաւորմանը նպաստող քայլ», կ՛ըսուի ԱԱԾի հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի կանուխ, ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը յայտնած էր, որ երկրի գերագոյն դատարանը «մեղմացուցած է Հայաստանի չորս քաղաքացիներու դատավճիռները եւ ազատ արձակած զանոնք»:
Ըստ նոյն լրատուամիջոցի տուեալներուն՝ անոնք գերի տարուած էին Դեկտեմբեր 2020ին, Հադրութի մէջ: Դատարանէն «Ինթըրֆաքս»ի ատրպէյճանական ծառայութեան յայտնեցին, որ 4 ռազմագերիները Նոյեմբեր 2021ին դատապարտուած էին 6 տարուան բանտարկութեան: