

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ զօրաշարժի անցած է՝ իմանալով, որ անցեալ շաբաթ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի չորս անդամներուն ստորագրութիւնը կրող գնահատագիր մը յանձնուած է Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւին, «ժողովուրդին մատուցած անոր սպասարկլութիւններուն համար»։
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ վերջին տասնամեակին Աղայեւ հիւապտոսրանը վերածած է հայատեացութեան եւ սուտեր տարածելու կեդրոնի մը՝ Հայ Դատը անընդունելի նկատեց այս քայը եւ անմիջապէս դիմեց խնդրոյ առարկայ վերահսկիչներուն՝ այս ախալը սրբագրելու համար։ Միաժամանակ, հազարաւոր հայորդիներ համացանցի ընկերային ցանցերու միջոցաւ դատապարտեցին այս քայլը, որուն շնորհիւ, վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըր, Հիլտա Սոլիս, Ճենիս Հան եւ Հալի Միչըլ յայտարարեցին, թէ գնահատագիրը «սխալմամբ» Աղայեւին շնորհուած է եւ թէ իրենք անոր մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունեցած են։
Աւելի ուշ, 6 Սեպտեմբերին, Լոս Անճելըս գաւառի դիւանակալութեան գրասենակը իր պաշտպօնական կայքին վրայ ներողութիւն յայտնեց գնահատագիրին ստեղծած շփոթին համար, ընդունելով, որ ստորագրութիւնները սխալմամբ աւելցուած էին անոր վրայ, որուն հետեւանքով, գնահատագիրը պէտք է անվաւեր նկատել։ Գրասենեակը նաեւ պահանջեց, որ գնահատագիրին նկարները վերցուին համացանցէն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան ողջունեց գնահատագիրը անվաւեր նկատելու քայլը եւ զայն մերժելու՝ վերահսկիչներուն յայտարարութիւններ, զայն հայութիւնը Պաքուի հայատեաց քաղաքականութենէն պաշտպանելու ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ մը նկատելով, որ իրականացաւ շնորհիւ համայնքի միացեալ ջանքերուն։
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Էտուըրտ Պարսումեան շեշտեց, թէ այս միջադէպը ցոյց կու տայ, թէ համայնքը, երբ միակամ է, կարողութիւնը ունի դէմ դնելու նոյնիսկ քարիւղով հարուստ Պաքուի հակաքարզչական քայլերուն։
