ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 9 Սեպտեմբերին ընդունեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը:
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցերու, միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու լուծման վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի տագնապին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը: Շեշտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ դերակատարութիւնը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Միրզոյեան ընդգծեց նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան կառոյցի ներուժի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը` Արցախի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման պարունակին մէջ:
Ան անդրադարձաւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերուն` այս պարունակին մէջ մատնանշելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: