ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցներու նախարար Ռաշատ Նապիեւ յայտնեց, որ Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռուսթամ Քասեմիի հետ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Կարծիքներ փոխանակեցինք Ատրպէյճանի եւ Իրանի տարածքէն անցնող միջազգային փոխադրամիջոցներու եւ տարանցիկ միջանցքներու վերաբերեալ, որոնց կարգին՝ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցներու միջանցքի զարգացման շուրջ», գրած է Նապիեւ:
Նապիեւ նաեւ կ՛ընդգծէ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն սահմանային շրջաններուն մէջ նոր ճանապարհային եւ փոխադրամիջոցներու ենթակառոյցներու շինարարութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
«Խօսեցանք Ատրպէյճան Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանը Նախիջեւանի հետ Իրանի տարածքով կապող ճանապարհային կամուրջին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ Ասթարա գետի վրայէն ճանապարհային կամուրջի կառուցման մասին», աւելցուց Նապիեւ: