ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շարժանկարի աշխարհը, միացած ցեղասպանական արարքներու ընդդիմացող գործիչներու, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին կազմակերպեց առաջին ցուցադրութիւնը «Screamers» վաւերագրական ժապաւէնին, որ կը նկարագրէ միջազգային համբաւի տիրացած «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք երաժշտութեան խումբին ճիգերը՝ կասեցնելու ցեղասպանական արարքները աշխարհի տարածքին:
Լուրը հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ American Film Institute-ի (AFI) շարժանկարներու փառատօնին, ԱլքԼայթ սրահին մէջ: Բացումին ներկայ էին բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան, «Սիսթըմ»ի անդամներէն Սերժ Թանգեան, Ճան Տոլմայեան եւ Շաւօ Օտաճեան, արտադրիչներ Փիթ ՄքԷլեւի եւ Թիմ Սուէյն, հովանաւոր Րաֆֆի Մանուկեան (համանուն բարեսիրական հաստատութենէն, Լոնտոն), ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ այլ քաղաքական ու մարդկային իրաւանց գործիչներ:
Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ըսաւ, թէ ամերիկահայերը կ’ողջունեն Քարլա Կարապետեանի համոզիչ վաւերագրականը, իբրեւ մեծ ներդրում հակացեղասպանական շարժումին: Ան աւելցուց, որ «Սիսթըմ»ը, նախ երաժշտութեամբ, այժմ շարժանկարով, կը շարունակէ ժողովրդային խաւերը արթնութեան մղել ընդդէմ բոլոր տեսակի ցեղասպանութեանց:
Նախ քան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, կազմակերպութեամբ ԱՀԴՅին, Save Darfour եւ «Րաֆֆի Մանուկեան» հաստատութեան, որու ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան անձամբ ծանօթանալու ժապաւէնի «անձնակազմին»:
Նոյն օրը, AFI կազմակերպած էր նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, նոյն ժապաւէնին կապակցութեամբ, որու ընթացքին բեմադրիչը, արտադրիչները, «Սիսթըմ»ի անդամները, ինչպէս նաեւ ԱՀԴՅի կողմէ Րաֆֆի Համբարեան խօսք առին:
Բեմադրիչ Կարապետեան նշեց, թէ ժապաւէնին նպատակը ցեղասպանութիւններու նկատմամբ համաշխարհային հանրութեան գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելն է: Խումբի անդամներէն Թանգեան ներկաներուն փոխանցեց Ցեղասպանութենան փրկուած իր մեծ հօր կեանքէն դրուագներ եւ ընդգծեց, թէ ժապաւէնը ոչ թէ խումբին, այլ՝ Ցեղասպանութեան մասին է:
Յիշեցնենք, որ ժապաւէնը Լոս Անճելըսի մէջ հանրութելան պիտի ցուցադրուի Նոյեմբեր 8էն սկսեալ: