ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ հայազգի Եուրի Ճորքայէֆ, շաբաթասկիզբին վերջ մը դրաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին, երբ իր խումբը՝ Նիւ Եորքի «Ռէտ Պուլզ»ը, Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականին դուրս մնաց այս տարուան մրշարաքէն:
38 տարեկան Ճորքայէֆ 1998ին Ֆրանսայի հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ երկու տարի ետք՝ Եւրոպայի ախոյեան:
82 միջազգային մրցումի ընթացքին 28 կոլ նշանակած Ճորքայէֆ Սպանիոյ դէմ Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան քառորդ աւարտականին նշանակեց անմոռանալի կոլ մը, որուն շնորհիւ Ֆրանսա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նշենք, որ Ճորքայէֆ այսպիսով դարձաւ 1998ի խումբէն 17րդ ֆրանսացի մարզիկը, որ լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Եուրի, որ զաւակն է ֆրանսացի միջազգային նախկին յետսապահ՝ Ժան Ճորքայէֆի, ծնած է Մարտ 9, 1968ին, Լիոնի մէջ: Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսաւ 16 տարեկանին, «Կրենոպլի» հետ: Ապա ան, 1989ին միացաւ «Ռասինկ Սթրազպուրկի» (Բ. դասակարգ):
Տարի մը ետք ան միացաւ «Մոնաքօ»ի եւ անոր հետ 1994ին դարձաւ ակումբին ամէնէն երիտասարդ կոլսքորըրը եւ այդ խումբին հետ 1991ին հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան:
1996ին «Փարիզ Սէն Ժերմէն»ի հետ շահեցաւ Եւրոպայի բաժակակիր խումբերու բաժակի տիտղոսը, ապա միացաւ իտալական «Ինթէր Միլան»ի, ուր մնաց երեք տարի եւ 1998ին շահեցաւ «Եուէֆա»ի բաժակը:
Ճորքայէֆ մաս կազմած է նաեւ գերմանական «Քայզըրսլաութըրն»ի եւ անգլիական «Պոլթըն»ի ու «Պլէքպըրն» ակումբներուն:
Նկարին մէջ, Ճորքայէֆ իր վերջին խումբին տարազով: