ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան նշեց, որ մինչ իրենք նիստին ընթացքին կը խօսին Հայաստանի սահմանի իրավիճակին մասին, հաղորդումներ ստացուած են, որ փխրուն զինադադարը սպառնալիքի տակ է: «Վստահելի տեղեկութիւններ կան, որ Ադրբեջանը ծրագրում է եւս մէկ ռազմական յարձակում՝ ընդլայնելով ագրեսիայի (յարձակման) աշխարհագրութիւնը, այդ թւում՝ Նախիջեւանի ուղղութեամբ, որպէսզի իրականացնի ՀՀ ինքնիշխան տարածքով արտատարածքային միջանցք ստեղծելու Ադրբեջանի անօրինական յաւակնութիւնները», ահազանգեց Մարգարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.