Սիրելի՛ հաւատացեալ ժողովուրդ հայոց,

Հայաստանի արեւելեան սահմաններու երկայնքով կատարուող իրադարձութիւնները, ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները եւ մեր հայրենիքի ինքնիշխան տարածքներու դէմ ռազմական զաւթողական գործողութիւնները վերստին խռովուած են ամէնքիս հոգիները: Սեպտեմբեր 13ի գիշերը սանձազերծուած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով գնդակոծութեան կ՛ենթարկուին մեր հայրենիքի խաղաղ բնակավայրեր եւ կրկին ունինք բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ, աւերածութիւններ։
Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայոց բանակին, քաջարի եւ վեհ զինուորներուն, որոնք վերջին տարիներուն բազմիցս ապացուցեցին, իրենց կեանքի գնով հայրենիքը պաշտպանելու պատրաստակամութիւնը։
Մեր խոնարհումը, աղօթքն ու խնկարկումը` նահատակ զինուորականներուն, որոնց հոգիները երկինքէն կը շարունակեն հսկել մեր հայրենի բարձունքները։ Մեր զօրակցութիւնն ու մխիթարանքը զոհուածներու, վիրաւորներու, գերիներու եւ անհետ կորածներու ընտանիքներուն։
Բոլոր վիրաւորներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում, որպէսզի օր առաջ վերադառնան իրենց հարազատներուն։
Մեր ամբողջ ազգը թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ եւ թէ ի սփիւռս աշխարհի, հայոց բանակին ու զինուորին կողքին է: Մեր ժողովրդի ոգին ամուր է, հայրենիքի սահմանները պահող զինուորներն՝ անվեհեր:
Դարերու արհաւիրքը տեսած մեր ժողովուրդը առաւել քան երբեք կը ձգտէ խաղաղութեան, եւ լիովին տեղին եւ ճշմարտացի է վեհափառ հայրապետի պատգամը այս առիթով, ուր կ՛ըսուի՝ «Իրական, արժանապատիւ խաղաղութիւնը չի կարող հաստատուել սպառնալիքներով ու պարտադրանքներով, չի կարող բարեբեր լինել եւ յարատեւութիւն ունենալ»:
Ներկայ կացութեան մէջ, վստահ ենք, այսօր առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի բոլորիս միաբանութիւնն ու հասարակական համախմբումը, որոնք առաջնորդ պիտի ըլլան մեր քայլերուն։ Մեր միասնականութեամբ եւ հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեամբ պէտք է դիմակայենք նաեւ այս փորձութեանը, մեր հնարաւորութիւններն ու ներուժը համախմբենք՝ սատար լինելու համար Հայոց բանակին եւ հայրենիքի կարիքներուն:
Այսօր մեծ կարեւորութիւն ունի ողջ աշխարհի մարդկութեան եւ պատկան մարմիններուն ճշմարտութեան մատուցումը Հայաստանի կացութեան վերաբերեալ։ Այդ առիթով կը յորդորենք մեր թեմական ու ծխական կառոյցներուն, որպէսզի առաւել ջանադրութեամբ լուսաբանեն իրադարձութիւնները, հետամուտ ըլլան տեղական իշխանութեանց հետ խօսելուն, ներկայացնելով նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու ազնիւ նախաձեռնութիւններն ու կոչերը՝ ողջ ձայնով դատապարտելու դաւադիր քայլերը թշնամիին եւ պաշտպան կանգնելու Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութեանը։
Հայրենիքի պաշտպանութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը բացարձակ արժէքներ են, նաեւ՝ քրիստոնէական հաւատքի իմաստով։ Բոլորիս ազգային-քրիստոնէական պարտականութիւնն է տէր ըլլալ այս սրբազան արժէքներուն։ Հետեւաբար, կը խնդրենք Բարձրեալի օրհնութիւնն ու օգնականութիւնը, որպէսզի Ինք այցի գայ իր փոքր հօտին, ուժ եւ կարողութիւն տայ՝ դիմագրաւելու եւ համատեղ ջանքերով յաղթահարելու համար այս փորձութիւնները, եւ վերագտնելու բաղձալի խաղաղութիւնն եւ ազատութիւնը։
Աստուած պահապան Հայոց բանակին եւ մեր հայրենիքին:
14 Սեպտեմբեր 2022
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ