ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Շնորհիւ «Լինսի» հիմնարկէն ստացուած բացառիկ յատկացման մը, Միացեալ հայկական ֆոնտը 4.5 միլիոն տոլար կը նուիրէ Լիբանանի բոլոր՝ 28 հայկական վարժարաններուն։
Սոյն նուիրատուութեան դրդապատճառն էր Լիբանանի վերջին տարիներու տնտեսական տագնապը, որ աւելի եւս սաստկացաւ անցեալ ամառ երկրին դէմ կատարուած աւերիչ յարձակման հետեւանքով։ Արդարեւ, հազարաւոր կարիքաւոր հայ ընտանիքներ ի վիճակի չէին վճարելու կրթաթոշակը հայկական դպրոց յաճախող իրենց զաւակներուն։ Հետեւաբար, հայկական վարժարաններու մեծ մասը կարող չէր վճարելու ուսուցիչներու եւ այլ պաշտօնեաներու աշխատավարձքը։
Միացեալ հայկական ֆոնտի նուիրատուութիւնը պիտի ծառայէ երեք գլխաւոր նպատակներու.-
1.- 3.2 միլիոն տոլար՝ վճարելու համար ամբողջական կամ մասնակի կրթաթոշակը 5092 կարիքաւոր ուսանողներու, որոնք կը ներկայացնեն գրեթէ 75 տոկոսը այս տարեշրջանին լիբանանահայ բոլոր՝ 28 վարժարաններուն մէջ արձանագրուած 7029 աշակերտներուն։
2.- 757,000 տոլար՝ վճարելու համար 536 ուսուցիչներու եւ այլ պաշտօնեաներու աշխատավարձքերը, որոնք անցեալ տարեշրջանէն ի վեր անհատոյց մնացած են շատ մը վարժարաններու պարագային։
3.- 513,000 տոլար՝ հոգալու համար այս դպրոցներու զանազան կարիքները։
Յարութ Սասունեան, Միացեալ հայկական ֆոնտի նախագահը, ներկայիս Լիբանան կը գտնուի, այցելելու համար բոլոր հայկական վարժարանները, տեսակցելու անոնց տնօրէններուն եւ ուսումնական խորհուրդներուն հետ, եւ անձնապէս փոխանցելու իւրաքանչիւր վարժարանի համար նախատեսուած գումարը։
«Միացեալ հայկական ֆոնտի նուիրատուութիւնը կը կատարուի Լիբանանի բոլոր հայկական վարժարաններուն անխտիր», յայտնեց Սասունեան։
Նիւթական նպաստ ստացող կրթական հաստատութիւնները հետեւեալներն են՝
Ինը ազգային վարժարաններ՝ «Սոֆիա Յակոբեան» քոլէճ, «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան, «Աբգարեան», «Աքսոր Գասարճեան», «Եղիշէ Մանուկեան» քոլէճ, «Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան», «Սուրէն Խանամիրեան», «Նուպարեան-Խրիմեան» վարժարան եւ «Ս. Քառասնից Մանկանց»։
Եօթը Աւետարանական դպրոցներ՝ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, «Կերթմէնեան», Այնճարի Երկրորդական վարժարան, «Փ. եւ Էլիզապէթ Թորոսեան», Հայ Աւետարանական քոլէճ, «Շամլեան-Թաթիկեան» եւ Թրատի վարժարան։
Վեց Կաթողիկէ դպրոցներ՝ «Հարպոյեան», Մխիթարեան վարժարան, Այնճարի Քոյրերու վարժարան, «Մեսրոպեան», «Սրբուհի Ագնէս» եւ Անարատ յղութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց։
Հ.Բ.Ը.Մ.ի երեք դպրոցներ՝ «Կարմիրեան», «Դարուհի Յակոբեան-Յովակիմեան Մանուկեան», եւ «Նազարեան»։
«Համազգային» Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարան։
«Թէքէեան» մշակութային միութեան «Վահան Թէքէեան» վարժարան։
Հայ կրթական բարեսիրական միութեան «Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան» քոլէճ։
«4.5 միլիոն տոլարի այս աննախընթաց նպաստը մեծաւ մասամբ պիտի փարատէ հայկական վարժարաններու նիւթական ծանր բեռը, որ մնացած էր տագնապահար լիբանանահայ համայնքի ուսերուն», յայտնեց Սասունեան. «Աշխարհատարած հայութիւնը պէտք է օգնութեան ձեռք երկարէ այս կենսական համայնքին, որ օժանդակութեան կը կարօտի բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ եւս։ Հայ ժողովուրդի ապագայի կարեւորագոյն երաշխիքներէն է յաջորդ սերունդի կրթութիւնը։ Այսօր նեցուկ կանգնելով հայկական վարժարաններուն, մենք ներդրում կատարած կ’ըլլանք հայ մշակոյթի ոչ միայն գոյատեւման, այլ զարգացման մէջ»։
1989էն ի վեր, Միացեալ հայկական ֆոնտը 140 թռիչքներով եւ 1359 ծովային արկղներով 447 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական նպաստ ուղարկած է Հայաստան։
Միացեալ հայկական ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Արմինեըն Էսէմպլիին, Հ.Բ.Ը.Մ.ին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, ՀՕՄին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, եւ «Լինսի» հիմնարկին։