ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, հազարաւոր լիբանանահայեր բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի գործած յարձակումը, թշնամական արարքները եւ խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելու անոր արարքները:
Պուրճ Համուտի թաղերուն եւ Լիբանանի հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ, կէսօրէն ետք ժամը 5էն սկսեալ կար մեծ եռուզեռ մը: Ցուցարարներ կը պատրաստուէին ուղղուելու Այն Աար եւ Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ բարձրացնելու բողոքի իր ձայնը:
Եռագոյնի, Արցախի դրօշներու, եւ Ատրպէյճանի արարքները դատապարտող պաստառներով ցոյցը սկսաւ կանչերով, որոնք հաստատեցին, որ լիբանանահայութիւնը կը մնայ կառչած իր պայքարին եւ Հայ Դատին, կը պահանջէ արդարութիւն եւ ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է ընդունելու, որ հայրենի հողերու զիջում կատարուի թշնամիին:
Ցոյցին ընթացքին հրկիզուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի դրօշը:
Ցուցարարներուն անունով արաբերէնով խօսք արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան, որ հարց տուաւ լիբանանահայերուն, թէ ինչի՛ կը սպասեն, մինչեւ ե՞րբ պէտք է լուռ մնան, մինչեւ ե՞րբ պէտք է դիտորդի դիրքին մէջ մնան:
«Պատմական մեր թշնամին իր ոճրային սուրով վերադարձած է, զայն Հայաստանի եւ Արցախի ձեր եղբայրներուն վիզին ուղղելու համար: Պատմութեան եւ Հայաստանի հողին խորքերուն մէջ թափանցած ձեր արմատներուն դէմ անգամ մը եւս արմատախիլ դառնալու սպառնալիքներ կան` սելճուք եւ թաթար հորդաներուն թոռներուն կողմէ: Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, որուն դէմքին 100 տարի առաջ թքնեց հայ անուանի բանաստեղծ Սիամանթոն, մինչեւ ե՞րբ պիտի ենթարկուիս չարիքի ամպերէն թափող հեղեղներուն», հարցուց ան:
Այվազեան իր խօսքը ուղղեց միջազգային ընտանիքին, որ պատմութեան ընթացքին անտեսած է հայոց արհաւիրքները: Ան հարցուց, թէ մինչեւ ե՛րբ իր շահերը աւելի գերադաս պիտի նկատէ, քան` արդարութիւնը:
«Սակայն ո՞վ է մեզի լսողը: Ի՞նչ մնացած է մեզի յեղափոխութենէն եւ ցասումէն բացի: Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թշնամիները կը շարունակեն այն, ինչը նախապէս սկսած էին: Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակումներ` թրքական զօրակցութեամբ, իսկ հայկական բանակի նահատակներուն թիւը աւելի քան 135 է, արդէն իսկ:
Հայաստանի մէջ այսօրուան պատահածը նոյնն է, ինչ որ կը պատահի Արցախի, Ուքրանիոյ, Քոսովոյի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս բոլորը հեռու չեն նաեւ թուրք-յունական տագնապէն», հաստատեց ան:
«Սայքս Փիքոյի, Վերսայի, Սեւրի եւ Մոսկուայի համաձայնագիրներէն ետք, որոնց մէկ մասը նաեւ չէ գործադրուած եւ որոնք արդէն իսկ աւելի քան դար մը ծառայած են, ժամանակը հասած է Լոզանի խորհրդաժողովի 100ամեակին, որ իր վերջին շունչը կը փչէ: Փոփոխութեան այս դարուն մարդ պէտք է իր գլուխը պահէ, իսկ հաւաքականութիւնները պէտք է իրենց գոյութիւնն ու ապահովութիւնը ամրապնդեն», շեշտեց ան:
Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ցուցարարներուն ըսաւ հետեւեալը.
«Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին շատ պարտութիւններ կրած է, բայց մենք ապրած ենք եւ կը շարունակենք ապրիլ: Այսօր լիբանանահայութեան այս ցոյցը ատրպէյճանական թշնամիին դեսպանատան դիմաց առաջին քայլն է Սփիւռքի մէջ այն համաժողովրդային դիմադրութեան, որ պիտի սկսի: Պիտի սկսի, որպէսզի դարձեալ վերատիրանանք Արցախին, որպէսզի դարձեալ վերատիրանանք Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայաստանեան հողերուն: Մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք պատրաստակամութիւն, զգօնութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալենք, որ պատրաստ ըլլան հայրենիքի կանչին: Մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք, որ բոլորս մէկ` պատանիէն մինչեւ երէց, բանուորէն մինչեւ ուսանող, մինչեւ համալսարանի դասախօս, մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ըլլանք հայութեան կողքին: Թշնամին լաւ գիտէ յաղթել, երբ ներքին թշնամիներ կան: Թշնամին լաւ գիտէ յաղթել, երբ ներքին գործակալներ կան: Մեզմէ հեռու ամէն տեսակի դաւադրութիւն, ամէն տեսակի դաւաճանութիւն, մեզմէ հեռու ամէն տեսակի հաշտութիւն: Մենք մեր թշնամի երկիրներուն հետ կրնանք հաշտուիլ այն ատեն միայն, երբ ազատագրուի Արցախը, երբ ազատագրուին Հայաստանէն բռնագրաւուած հողերը, երբ ազատագրուի Արեւմտեան Հայաստանը, երբ թուրքը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Ատրպէյճանի դեսպանատունը հոս, երեք օրէ ի վեր դատարկ է, փախած են. փախած են, որովհետեւ վախցած են: Իսկ մենք չենք վախցներ, որովհետեւ իրաւունքը մեզի է: Կը վախնայ ան, որ իրաւունք չունի: Կը վախնայ ան, որ սադրանքներով կրնայ յաջողիլ իր կեանքին մէջ»:
Ցոյցը աւարտեցաւ բազմահազար թիւով ցուցարաներու «Արիւնոտ Դրօշ» երգի երգեցողութեամբ: