ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 17 Սեպտեմբերին, պաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ Երեւան հասաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ուժանիւթի եւ առեւտուրի հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ֆրանք Փալոն, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճեքի Սփիր եւ Աննա Էշու:
Երեւան ժամանելէ քիչ ետք, Փելոսի ընկերային ցանցերուն վրայ գրեց հետեւեալը. «Մեր հիմնադիրները 1787 թուականին ժողովրդավարութիւնը գերադասեցին մենատիրութենէն: Սերունդներ շարունակ մենք պաշտպանած եւ պահպանած ենք անոնց ընտրած ուղին: Այսօր, Միացեալ Նահանգներէն Ուքրանիա, Թայուան, Հայաստան՝ աշխարհը կանգնած է ժողովրդավարութեան եւ մենատիրութեան միջեւ ընտրութեան առջեւ, եւ մենք պէտք է, դարձեալ, ընտրենք ժողովրդավարութիւնը»:


18 Սեպտեմբերին, Փելոսի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Փելոսի ծաղկեպսակ զետեղեց յուշահամալիրին մօտ, ծաղիկներ՝ անմար կրակին շուրջ: Անկէ ետք ան շրջեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ծանօթացաւ 20րդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրի մասին վկայող ցուցադրութեան:
Փելոսի յայտնեց, թէ հպարտ է, որ Երեւան տուած իր առաջին այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք:


