Մեր ընթերցողները չզարմանան, երբ կ՚անդրադառնանք թուրք մտաւորական կնոջ մը, իրաւաբան Ֆեթհիէ Չէթինի այս գիրքին։ Ան կը զբաղի մարդկային իրաւանց հարցերով, մասնաւորաբար՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով։ Անդամ է եւ կը ծառայէ Պոլսոյ Մարդկային իրաւանց իրաւաբանական կեդրոնին։ Հիմնադիրն ու ներկայացուցիչն է իրաւաբաններու այս համախմբումին կապուած Փոքրամասնութիւններու իրաւանց գործադիր մարմինին։
«Մեծ մայրիկս» գիրքը (144 էջ) տպուած է Պոլիս, «Մեթիս» հրատարակչատան կողմէ, 2004ին։ Հոն ամբողջութեամբ կը նկարագրուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Ֆեթհիէ Չէթինի մեծ մայրը՝ Հրանուշ Կատարեան, ծնած է Խարբերդի մօտիկ Բալուի Հաւաւ գիւղը։ Տարագրութեան սեւ տարիներուն, 1915ին, հայկական այս գաւառներն ու գիւղերը կը տեղահանուին։ Գիւղի դպրոցին մէջ Հրանուշ, չորրորդ դասարանի աշակերտ, կը սորվի հայոց լեզուն, կը դառնայ հայոց այբուբենին տիրացած փայլուն աշակերտուհի։ Բայց գաղթի ճանապարհին գեղեցիկ Հրանուշը կը խլեն մօրը ձեռքէն. ձիաւոր երկու ժանտարմաներ, մէկը կը փախցնէ Հրանուշը եւ միւսը՝ իրմէ քիչ մը փոքր եղբայրը։ Թուրք ոստիկանը իր տան մէջ կը պահէ Հրանուշը, զոր կ՚անուանեն Սեհէր։
Ֆեթհիէ Չէթին (ծնած՝ Էլազիկ, 1950ին) թոռնուհին է Հրանուշի, որ տարիներու ընթացքին գաղտնաբար կը պատմէ իր ընտանիքին պատմութիւնը՝ իր խելացի եւ լրջախոհ թոռնուհիին։ Ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմէ թուրքերուն կատարած ջարդերը, արեան գոյնով հոսող գետին մէջ նետուած դիակներուն պատմութիւնը կ՚իմանայ, նոյնպէս՝ իրենց փոքր զաւակներով գետը նետուած, խեղդամահ եղած հայուհիներուն մասին։
Գիրքին բովանդակութիւնը չենք ուզեր մանրամասնել, զայն կը թողունք ընթերցողին, որպէսզի կարդայ եւ անգամ մը եւս լսէ ու հաստատէ թուրքին ոճիրը, բայց այս անգամ՝ պատմուած ոչ թէ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած մնացորդին բերնով, այլ՝ նոյն ինքն ջարդը իրագործած ոճրագործին հարազատ մէկ զաւկին կողմէ։ Այս իրողութիւնը կը զարմացնէ հայ ընթերցողը…
Գիրքը թարգմանուած է հայերէնի հալէպահայ մտաւորական եւ հրապարակագիր Սալբի Գասպարեանի կողմէ։ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան գիրքը կը նկատէ յոյժ թելադրական, հետաքրքրական եւ վաւերագրական վկայութիւն մը եւ հրատարակութեան կը յանձնէ զայն։ Գիրքը լոյս կը տեսնէ Հալէպի «Արեւելք» տպարանէն, 2006ին։
Ֆեթհիէ Չէթին հաւատարիմ մնացած է արեան ձայնին եւ մեծ մօրը մահէն ետք (2000 թուականին) գրած է իրեն փոխանցած անոր կեանքին բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք բացէ ի բաց կը յայտնաբերեն թրքական ջարդերուն ամբողջական սեւ պատկերը։ Ընթերցողը պիտի հետեւի հեղինակին խոստովանութիւններուն եւ պիտի պատկերացնէ շարժանկարային ժապաւէնի մը վաւերագրութիւնը։ Երանի թէ միջոց մը ունենայինք եւ շարժանկարի վերածուէր այս պատմութիւնը՝ այնքա՛ն խօսուն ու հարազատ, այնքա՛ն ցնցիչ ու վայրագ տեսարաններով ներկայացուած։
Ֆեթհիէ Չէթին ասպարէզով գրագիտուհի մը չէ, ըսինք՝ իրաւաբան մըն է, ու իր այս գիրքը առաջին փորձառութիւնը կը թուի ըլլալ նման յուշագրական ստեղծագործութիւն մը երկնելու։ Ան լաւ պատմող մըն է, տեղ-տեղ առկայ է հիւմըրը, իր թրքերէնը Պոլսոյ արդի թուրքերու նրբացած շպարը չունի։ Գրուած է գաւառական ժողովրդական լեզուով, ինչ որ սատարած է թարգմանիչին՝ հարազատութեամբ ներկայացնելու յուշագրական այս վէպը։ Հեղինակը կարեւորութիւն չէ տուած կառոյցին պահպանման, յաճախ անցեալի դէպքերը խախտելով ժամանակագրական իմաստով։ Այս երեւոյթը կարելի է մեկնաբանել մեծ մօրը պարբերաբար պատմածներուն յիշողութեան ընթացքէն։ Մեծ մայրիկը չէ մոռցած յաճախ կրկնելու. «Այդ օրերը երթան.. Անգամ մըն ալ ետ չգան…»։ Այս նախադասութիւնը, որ անէծքին գոյնը ունի, կարմիր թելի պէս կ՚անցնի յուշագրութեան ընդմէջէն՝ ընթերցողին յիշեցնելով ահաւորութիւնը Եղեռնին։
Ու հիմա կը դժուարանանք թրքուհի անուանել Ֆեթհիէ Չէթինը, որ այնքան քաջութեամբ, յանդուգն ազատամտութեամբ կը պախարակէ թրքական իշխանութիւնները՝ մարդկային իրաւունքները չյարգելու պատճառով։ Ի վերջոյ ընթերցողը պիտի տարուի մտածելու, թէ Ֆեթհիէն թուրք չէ…
«Մեծ մայրիկս» յուշագրական այս հատորին թարգմանութիւնը կը պարտինք Սալբի Գասպարեանի, որ ոչինչ խնայած է իրագործելու համար իր նպատակը։ Այցելած է Թուրքիա, Պոլիս, հոն գտած է Ֆեթհիէն ճանչցողները, Հրանդ Տինքն ալ օգնած է անշուշտ, ի վերջոյ կը ծանօթանայ Ֆ. Չէթինի, եւ անոր արտօնութիւնը ստանալով՝ կը ձեռնարկէ թարգմանութեան։ Սալբի կը ստանայ նաեւ արտօնութիւնը «Մեթիս» հրատարակչական տան եւ ինքնավստահութեամբ կը ձեռնարկէ թարգմանչական աշխատանքի։ Գիրքին ժողովրդական լեզուն եւ ոճը մասամբ կը դիւրացնեն թարգմանելու աշխատանքը։ Գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը արտօնողները կը խնդրեն տեսնել հայերէն թարգմանութեան բնագիրը՝ ըստ այնմ տալու համար վերջնական արտօնութիւնը։ «Քննութիւնը» յաջողութեամբ կը պսակուի։ Ս. Գասպարեան գիրքին առաջին էջերուն վրայ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս աշխատանքին մէջ իրեն օգտակար եղած Այշէի, Նատիրէի, Նեճմիէի, Զէյնէփի, Զեհրայի եւ Համտանի՝ անոնց ցուցաբերած օժանդակութեան համար. «Ի՞նչ լաւ է, որ կաք… Եւ ի՜նչ լաւ է, որ իմ բարեկամներս էք…»։
Աննախընթաց երեւոյթ մը, արդարեւ։ Հայեր, օտարազգի վկայողներ որքան ալ ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը արտայայտէին, թրքուհի մտաւորականի մը վկայութեան ուժը պիտի չունենար, գոնէ թուրքերուն համար։ Այս այլախոհ թրքուհին ցուցաբերած է անկաշկանդ յանդգնութիւն՝ իր լսածն ու տեսածը թուղթին յանձնելով։ Զարմանալին այն է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ արտօնած են նման հրատարակութիւն մը։ Արդեօք Թուրքիոյ Եւրոպական միութիւն թափանցելու կեղծ «տեմոքրասի՞» մըն է այս ազատամտութիւնը… Աստուած գիտէ միայն…