ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի հրաւէրով, Նոյեմբեր 6ին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երկօրեայ պաշտօնական այցով Ղազախստան պիտի մեկնի:
Նոյն օրը Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախագահներու առանձնազրոյցը, որուն պիտի հետեւին հայ-ղազախական բանակցութիւնները՝ ընդլայնուած կազմով: Կը նախատեսուի նաեւ միջկառավարական փաստաթուղթերու ստորագրում եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու, միջազգային հաղորդակցութեան, քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու մասին:
Երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի տան նաեւ միացեալ մամլոյ ասուլիս:
Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հանդիպումներ պիտի ունենայ այդ երկիրի գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներուն եւ ղազախահայ համայնքի անդամներուն հետ: