
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը (ABMDR) 20 Սեպտեմբերին տեղեկացուց, թէ Երեւանի իր նուիրատուներու ցանկին վրայ գտնուող Արսէնէն կարելի եղած է վերցնել ոսկրածուծի ցօղունային բջիջներ, որոնք փոխադրութեան յատուկ ընկերութեան մը միջոցաւ Գերմանիա փոխադրուած են՝ փրկելու համար հոն ապրող եւ արեան հիւանդութեամբ տառապող Արսէնի եղբօր կեանքը։
Գործողութիւնը տեղի ունեցած է հիմնարկի Երեւանի կեդրոնին մէջ, հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեանի եւ տոքթ. Միհրան Նազարէթեանի գլխաւորած բժշկական խմբակին կողմէ։
«Ցօղունային բջիջներն արդէն հաւաքագրուած են եւ ուղեւորւում են Գերմանիա: Ի ուրախութիւն բոլորիս, երկու եղբայրների տուեալները համընկան եւ կեանք փրկելու հնարաւորութիւն շնորհեցին: Մաղթում ենք առողջութիւն, ցանկանում ենք, որպէսզի ամէն օր մի նոր կեանք փրկուի», յայտնեց հիմնարկը։
Հիմնարկին նախագահը՝ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր պատուաստում մարտահրաւէր մըն է, զոր յաղթահարելու եւ մահացու հիւանդութիւններ դիմագրաւողներուն կեանքերը փրկելու համար հարկաւոր է շարք մը մասնագէտներու սահուն համագործակցութիւնը։
Նշենք, որ 1999ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 33,500 նուիրատուներ 44 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 39 հիւանդներու կեանքերը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին:
