ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Վերջապէս, մեր անցեալի յաղթական Այգեստան Վանին անհրաժեշտաբար հրաժեշտ տալով, անցանք յիշատակելի մեր յանդուգն Բաղէշով, ուր հայ մեծ վիպագիր Րաֆֆիի՝ Յակոբ Մելիք Յակոբեանի, տիպարները իրենց հայրենասիրական երդումները տալով, միացած էին մեր նուիրեալ ֆետայիներուն, որոնք Բաղէշի մէջ դարձան կենաց մահու ընկերներ եւ հայրենիքի սիրոյն համար՝ նահատակութեան պատրաստ անկրկնելի նուիրեալներ: Անցեալի հպարտութեամբ եւ ներկայ ցաւերով տարուած, կը կարծէի կարդալ նաեւ Մալխասի «Զարթօնք»ը։ Է՜հ, մտածեցի, երնէկ անցեալի մեր պատանեկան երազային օրերուն, երբ մեր հայրենիքը, քո՛ւն թէ արթո՛ւն, անուշ երազ մըն էր մեզի համար, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, մեր միակ ցաւն ու պայքարը: Իսկ այսօր, մեր ներկան անտանելի սրտցաւ դարձած է, մեր բոլորին:
Անզուգական պատմական տիպար, Տիգրան Մեծ թագաւորի կերտած քաղաքը՝ Տիգրանակերտը, այսօր, որքա՜ն մեծ՝ այդքան քրտաբարոյ, որքա՜ն կենսունակ՝ այդքան օտարոտի, որքա՜ն ճոխ իր շուկաներով՝ այդքան օտարամերժ մեզի համար։ Է՜հ վերջապէս՝ «Ի՞նչդ երգեմ երկիր հայրենեաց, ո՞ր կորուսեալ փառքդ հիւսեմ, իմ նախնեաց հայրենիք»… Ցաւոտ մտածումներուս մէջ ընկղմած, մեր մեքենան կ՛արշաւէր տակաւ, Տիգրանակերտի բազմամարդ եւ «օտար» փողոցներով իսկ մեր ազնիւ ու գիտակից առաջնորդը կը փորձէր հանգստացնող յայտարարութիւն մը փոխանցել, թէ «Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին պաշտօնապէս, Պոլսոյ առաջնորդի եւ Ս. պատարագի օրհնութեամբ՝ եկեղեցւոյ գմբէթը զարդարած էր Ս. խաչով ու բացած էր իր դռները հաւատացեալներուն համար»… Է՞հ, այս ալ այրած սրտի այլ մխիթարանք մըն է, մտածեցի եւ եկեղեցւոյ դրան շեմին քրիստոնէավայել հաւատքով մօտեցանք եւ հայերէն տառերով կարդացինք՝ «Սուրբ Կիրակոս Հայոց եկեղեցի, 1376» եւ անշուշտ երկրորդուած թրքերէնով:
Եկեղեցւոյ շրջափակը խնամուած ու մաքուր պատկեր մը կը ներկայացնէր։ Եկեղեցի մտնելով ու սրբացած հոգիով կարծես՝ խմբային «Տէ՜ր Ողորմեա»ն հնչեց ինքնաբերաբար: Փորձեցինք վերանալ պահ մը եւ հիացմունքով ու մասամբ զարմացած, եկեղեցւոյ դասին մէջ նկատեցինք, «Եօթ խորան»ները, որ յատուկ էր միայն՝ Ս. Կիրակոս այս եկեղեցւոյ, եւ վերջապէս Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը մտաբերելով՝ «Եկեղեցին Հայկական… Կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ՛է ծփուն»:
Շրջափակին մէջ մեզ դիմաւորեցին զոյգ պատասխանատուներ. միջին տարիքի ժպտուն կին մը եւ քիչ մը խոժոռ դէմքով այր մարդ մը:
Բարեւելէ ետք, անոնց հարցումին, թէ «ո՞ւրկէ եկած էք», պատասխանեցինք մեր հոգեվիճակին յատուկ անմեղ հարցումով մը․ «Իսկ դո՛ւք, ՀԱ՞Յ էք»։ Պատասխանը՝ «ոչ, ՔԻՒՐՏ ենք», բայց այս տղամարդը՝ քրտացած ՀԱՅ է, ըսաւ սիրուն ժպիտով համարձակ՝ քրտուհին:
Խոստովանիմ, որ բարկութեամբ լեցուն սիրտս մինչեւ այդ պահը արգիլած էր զիս, նախորդ օրերուն, մասամբ իմ գիտցած թրքերէնով խօսելու, իսկ հիմա թրքերէնով հարցուցի պատկանելութեան իրաւունքով, թէ «ի՞նչ է ձեր դերը հայկական այս եկեղեցւոյ մէջ»: Այս անգամ, առաւել համարձակ եւ յաղթական ժպիտով մը պատասխանեց, թէ Պոլսոյ առաջնորդին կողմէ նշանակուած՝ եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութեան մը անդամներն էին եւ ի պաշտօնէ հոն կը մնային՝ փոխանցելու եկեղեցւոյ պատմականը զբօսաշրջիկներուն: Պատումով տարուած եւ քիչ մըն ալ արդար նախանձով մը ուշադրութեամբ մտիկ ըրինք (օտա՞րը պիտի ներկայացնէր մեր հարազատ եկեղեցւոյ պատմութիւնը…), ապա յիշատակի նկարներով եւ շնորհակալութեամբ բաժնուեցանք: Արդեօ՞ք հաւատալ, թէ որեւէ թաքուն նպատակ մը չկար եւ թէ՞ անկեղծ դերով մը հոն էին։ «Ո՞վ գիտէ», մտածեցի ու գլխահակ հեռացանք շարունակելով մեր ուղին:
Այս մտքերով տարուած ու լարուած, յանկարծ երգել սկսանք «Տարօնի դաշտավայրեր, Մուշն ու Սասուն եղբայրներ, Վասպուրական գեղանի ձեզ ո՛չ ո՛ք չի նմանի: Մուշ-Մուշ քաղցր Մուշ, Մուշն էր բոլորից անուշ, ելնէք սարերը Սասուն, ուր քաջեր կան դիւցազուն…» Է՜հ, ուր մնացիք դուք դիւցազուններ հայոց աշխարհի, ձեզ նաեւ «երազային քաջեր»ու փաղանգին դասեցինք՝ այսօր:
Քաղաքի գլխաւոր պողոտան նշանաւոր դարձած էր, ապակեայ շուշաններով զարդարուն ջահերով: Ծանօթ իսլամական տօնին՝ «Պայրամ»ի առիթով, տեղացիները խումբերով կը նկարուէին այդ «շուշաններ»ուն դիմաց։ Մե՞նք, երբե՛ք, ինծի երբե՛ք հարազատ չթուաց այդ թրքաբարոյ զարդը «մեր հայկական Մուշ»ին մէջ։ Խումբը մերժեց նկարուիլ եւ հասանք քաղաքի կեդրոնը, ուր զետեղուած էր՝ «Ցորեն աղացող, խորհրդաւոր նայուածքով, զուսպ նստուածքով, կնոջ մը արձանը»։ Անկասկած, հայ վարպետի ձեռքով քանդակուած ըլլալու էր հայուհիի կերպար այդ արձանը, մտածեցի եւ իմ խոնաւ աչքերուս խոր բիբին մէջ դրոշմուեցաւ այդ խորհրդաւոր կնոջ՝ «քար» լռութիւնը: Վերջին խոր նայուածք մը եւս այդ կողմ․ ան կը շարունակէր լո՜ւռ աղալ իր ցորենը…:
Սարերու Ասլան, հերոս Գէորգ Չաւուշի հետքերով, հասած էինք Սուլուխի կամուրջը, ուր դիւցազնօրէն ֆետայական իրենց խումբերով, կռուած էին՝ զոյգ հերոսներ՝ Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան «առասպելական» մեր հերոսները, իսկ Գէորգ Չաւուշ, իր անպարտելի հոգին աւանդած էր հոն՝ Սուլուխի կամուրջին վրայ… Երգեցինք նուիրական՝ «Սոսկումն ահաւոր պատեց Մշոյ դաշտը», շարունակելով. «1907 թուականին չքնաղ Մայիսի Քսան եւ Եօթին տօն է բազմաշխատ մահուան Գէորգին, Սասնոյ հարազատ մեծանուն քաջին» տողերը ու հպարտօրէն՝ կուշտ ու կուռ լացինք…:
Վերջապէս, ո՞ր մէկը պատմել, ո՞ր մէկը յիշել, ո՞ր մէկով չհպարտանալ եւ ո՞ր մէկուն համար չ՛ափսոսալ…:
Է՜յ իմ ժողովուրդ, որքան մեծ ու խոր էր անցեալդ, այդքան փոքր ու խեղճացած ես մասամբ՝ դո՛ւն հիմա եւ խոր ցաւոտ է ներկադ:
Շրջապտոյտիս երազանքի հետքերով կը շարունակեմ երազելով վերյիշե՛լ ու պատմե՛լ յաջորդ թիւերով: