Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին, Շաբաթ 2 Դեկտեմբեր, 2006ի կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին, Շրջանային վարչութեան Կլէնտէյլի կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու յատուկ սեմինար մը:
Աւանդութիւն դարձած է, որ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբը, տարեկան իր ծրագրին մէջ, անպայման այս վարժարաններու ոսուցիչներուն յատուկ սեմինարներ կը ծրագրէ:
Իբրեւ այդպիսին, այս տարուան սեմինարին համար հրաւիրուած էր ծանօթ հոգեբան դոկտ. Էմմա Օշական, որ նիւթ ընտրած էր «Շաբաթօրեայ վարժարաններու յատուկ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը»:
Սիմինարին, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնա Փէլթէքեանի կողքին ներկայ էին նաեւ վարչական իր գործընկերուհիներէն Քրիստին Քէշիշեան, Ռոզ Ալթունեան եւ Շաբաթօրեայ յանձնախումբի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Սօնա Պոստանեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սիփան», «Նայիրի», «Արաքս», «Սեւան», «Մայր», «Անահիտ», «Սօսէ» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչական կազմերն ու պատասխանատուները՝ թիւով 35 հոգի:
Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբի բոլոր անդամներու հիւրընկալութեամբ՝ ճաշի մատակարարումէն ետք ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի բացման իր խօսքին մէջ, յանուն Շրջ. վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին, Գէորգ Պետիկեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու շնորհակալութիւն՝ այս կարեւոր ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար եւ ապա հրաւիրեց յանձնախումբի ատենապետուհի Սօնա Գիզիրեանը, որ իր կարգին շեշտեց, թէ սոյն յանձնախումբը իր աշխատանքը կը տանի Շաբաթօրեայ վարժարաններու վերելքին համար: Ան ըսաւ, թէ յանձնախումբին նպատակն է նման նախաձեռնութիւններով արմատացնել միջ-վարժարանային կապը ու միաժամանակ հայ երկսեռ աշակերտութեան ծանօթացնել ՀՕՄն ու անոր առաքելութիւնը:
Ապա ան թուեց ուսումնական այս տարեշրջանի յանձնախումբի ծրագրումները, որուն մէջ կ’իյնային.-
1.- Միջ վարժարանային աշակերտական գծագրութեան մրցում, «Հայ դպրոց» նիւթով:
Այս տարի եւս առաջին երեք տեղերը գրաւող աշակերտները, հրապարակաւ պիտի գնահատուին, իսկ միւս գծագրութիւնները պիտի ցուցադրուին ՀՕՄի երկօրեայ փառատօնին, զարդարելով ցուցասրահի պատերը:
2.- Օրուան սեմինարը:
3.- Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտական հաւաք՝ բոլորին մասնակցութեամբ եւ գեղարուեստական յատուկ յայտագրով:
Օրուան հիւր դասախօս դոկտ. Էմմա Օշական նախ իր հրամցուցած նիւթին շուրջ անգլերէն լեզուով օգտաշատ գիտելիքներու բովանդակութեամբ թերթիկներ բաժնեց ու պարզեց, թէ Շաբաթօրեայ վարժարաններու հարցերը շատ աւելի կը տարբերին ամէնօրեաներէն:
«Պէտք է քաջ գիտնալ, որ Շաբաթօրեայի ալ գլխաւոր նպատակն է հայապահպանումը, ուստի կարելի չէ ստորագնահատել անոր այս մեծ դերը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Ամերիկայի տարածքին ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները իրենց մշակոյթը պահելու սիրոյն կեանքի կոչած են շաբաթօրեայ վարժարաններ: Այլ խօսքով, միայն հայերուն յատուկ չէ այս նախաձեռնութիւնը:
«Շաբաթօրեայ վարժարան՝ որովհետեւ Շաբաթ օրուան ընթացքին է, շարունակեց Էմմա Օշական, ահա հոսկէ է, որ կը սկսին անոր գլխաւոր դժուարութիւնները: Շաբաթ օրը, աշակերտին համար իր նախասիրութիւններուն գոհացում տուող օր մըն է.- խաղ, պատկերասփիւռի բազմատեսակ գեղեցիկ ու հաճելի յայտագրեր, մարզական եւ ելեքտրոնիք խաղեր եւայլն», բացատրեց ան եւ շարունակեց ըսելով, որ ասկէ մեկնած, պէտք է, որ Շաբաթօրեայ վարժարանը ունենայ առաւել քաշողական բնոյթ ու յատկապէս ուսուցիչներու ու վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ՝ գերագոյն ճիգ:
Դոկտ. Օշական յիշեցուց նաեւ, թէ շաբաթօրեայ վարժարան յաճախող աշակերտութեան մեծ տոկոսը իր ծնողքին կամ մեծ հայրերուն կամ մայրերուն ստիպումով կամ պնդումով է, որ կ’երթայ: Եւ աւելին՝ հոս յաճախող աշակերտները շատ յաճախ ոչ մէկ գաղափար ունին հայուն կամ հայութեան մասին: Նոյնիսկ հայերէն խօսիլ չեն գիտեր: Իրենց ընտանիքէն ներս եւս այս մէկը կը բացակայի: Անտեղեակ են նաեւ ոչ միայն իրենց մայրենի լեզուին, այլեւ պատմութեան եւ մշակոյթին:
Ան աւելցուց նաեւ, թէ հոսկէ է, որ աշակերտին մէջ կը ծնի երկուղղութիւն մը, որ բարդոյթի կողքին զինք երկպառակումի մէջ կը նետէ: Արդեօք ինք հա՞յ է, թէ ամերիկացի: Աշակերտը անպայմանօրէն կ’ուզէ գիտնալ, թէ ինք ով է:
«Անկախ այս դժուարութիւններէն, շարունակեց բանախօսը, երբ կը բաղդատենք պետականն ու հայկական Շաբաթօրեան, անմիջապէս ի յայտ կու գան այլ մեծ տարբերութիւններ: Այսպէս, Շաբաթօրեայ վարժարանը չունի այն բոլոր առաւելութիւնները, որ ունի պետական վարժարանը, լեզուի ուսուցման արդիական միջոցներէն սկսած մինչեւ գունաւոր ու բազմատեսակ խաղերը: Ասկէ մեկնած, պէտք է օգտագործել անգլերէն լեզուի ուսուցման մեթոտները եւ միջոցները, սակայն զգուշաւոր կերպով, որպէսզի հայկական վարժարանը իր նպատակէն ու առաքելութենէն չշեղի»:
Ապա, այս սպառիչ ներածականէն ետք, Էմմա Օշական ներկաներուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ ձեւեր պէտք է կիրարկել Շաբաթօրեայ վարժարանը բարելաւելու համար:
Իրենց կարգին, սեմինարին ներկայ եղող հայերէն լեզուի համեստ մշակները, անկեղծօրէն արտայայտուելով, նախ կեդրոնացան ծնողներուն անտարբերութեան վրայ եւ ապա շեշտեցին, թէ հայ ծնողքին գերագոյն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ մօտէն հետեւիլ իր զաւկին հայերէն լեզու սորվելու եւ խօսելու ճիգին:
«Որքան, որ երկար մնանք այս երկրին մէջ, շեշտեց դոկտ. Օշական, այնքան աւելի պիտի սիրենք ամերիկեան սովորութիւններն ու քաղաքակրթութիւնը ու պիտի նոյնանանք տեղացիին հետ: Մեր նախապէս ապրած երկիրներուն մէջ, մեր միջավայրը տարբեր էր: Անոր շնորհիւ է, որ հոն պահած էինք մեր աւանդութիւնները»: Ապա աւելցուց, թէ տան մէջ ծնողները անպայմանօրէն պէտք է իրենց զաւակներուն հետ հայերէն խօսին:
Անկախ ծնողներէն, դասախօսը դիտել տուաւ, որ շաբաթօրեայի ուսուցիչ-ծնողք մօտիկ եւ սերտ յարաբերութիւնը մեծապէս կը նպաստէ աշակերտը վարժարանին կապելու եւ մայրենին սիրցնելու ճիգին: Պէտք է աշակերտին մօտ զարգացնել հայկական պատկանելիութեան առաջնահերթութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Ներկաները թելադրեցին նաեւ, որ դասապահերուն, անպայման աշակերտներուն պէտք է խօսիլ մեր ազատ ու անկախ հայրենիքին ու անոր հզօրացման մասին ու արծարծեցին իրենց վարժարաններու վկայագրերուն պետական ճանաչում ունենալու բաղձանքը ու այս հարցին հետապնդումը խնդրեցին:
Դոկտ. Օշական ներկաներուն յանձնեց աշակերտի մը կեանքէն վերցուած դէպք մը եւ անոր վերլուծումը պահանջեց ներկաներէն:
Իբրեւ ամփոփում, օրուան բանախօսը ներկաներուն արծարծած կէտերը, մտահոգութիւններն ու հրամցուցած գաղափարները եզրակացնելով յստակացուց.-
1.- Անպայմանօրէն համացանցի միջոցով շաբաթօրեայ վարժարանները կապի մէջ ըլլան՝ իրարու փորձառութենէն օգտուելու համար:
2.- Շաբաթօրեայ վարժարանները պէտք չէ շփոթել ամէնօրեային հետ, յատկապէս անոր ուսումնական ծրագրէն մեկնած: Պէտք է շաբաթօրեան ունենայ իր յատուկ դասագիրքն ու ուսումնական ծրագիրը, որ ՀՕՄի բոլոր վարժարաններուն համար ի զօրու ըլլայ:
3.- Պէտք է շաբաթօրեային վերադարձնել իր նախկին դիրքը: Այլ խօսքով, հայերէն լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդելու կամ ուսուցանելու կողքին, պէտք է տրուի նաեւ նկարչութեան, հայկական պարի եւ երգի ու երաժշտութեան դասեր ալ:
4.- Պէտք է նաեւ աշակերտին կեանքը լեցնող խաղերով զբաղուիլ, որոնք միաժամանակ հայերէն լեզուի ուսուցման ալ պիտի ծառայեն:
5.- Անպայմանօրէն Շաբաթօրեայ վարժարանները ունենան իրենց յատուկ ուսումնական ծրագիրը:
6.- Միշտ եւ ամէն ատեն հայերէն խօսուի աշակերտին հետ, նոյնսիկ դասապահէն դուրս:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առնելով, յանուն Շրջանային վարչութեան, Սօնա Փելթէքեան նախ մեծապէս գնահատեց շաբաթօրեաներու ուսուցիչներու տարած աշխատանքն ու զոհողութիւնները, ապա յատուկ շնորհակալութին յայտնեց օրուան դասախօսին եւ կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ անդամակցին ՀՕՄին: Աւարտին, առ ի երախտագիտութիւն, դոկտ. Օշականին գիրք մը նուիրեց:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ մտերիմ զրոյց օրուան դասախօսին հետ: