ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան Նոյեմբեր 3ի նիստին, հաստատուեցան 4 գիտահետազօտական կազմակերպութիւններու տնօրէններու թեկնածութիւնները:
Արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնին հաստատուեցաւ Ռուբէն Սաֆրաստեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնին՝ Փաւէլ Աւետիսեան, հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի պաշտօնին՝ Տիգրան Զարգարեան, իսկ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի պաշտօնին հաստատուեցաւ Հայկ Դեմոյեան: