ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Հինգ տարիներ` 2012-2017, հակապետական ընդդիմադիր ուժեր պաշարեցին Հալէպի պատմական բերդը: Քաղաքի հնադարեայ շրջանի կոթողները եւ պետական կառոյցները մեծ մասամբ քանդուեցան, սակայն բերդը պաշտպանող պահակագունդը մնաց անպարտելի` հինգ հազար տարուան ամրոցին գոյութիւնը հաստատելով:
Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հաստատման յիսնամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ պատկան նախարարին եւ ներկայութեամբ Հալէպի պետական աւագանիին:
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան, վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ կը ներկայացուէր յիսնամեակի մը գործունէութիւնը. ուշագրաւ էր, որ 2009ին Սուրիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած էր ութուկէս միլիոնի:
Ռոսինիի «Սեւիլիայի Սափրիչը» եւ Պիզէի «Քարմէն» օփերաներէն հատուածներով սկսաւ նուագախումբին յայտագիրը, ապա մենք վայելեցինք հայկական տուտուկը` արուեստագէտ Մոհամետ Ըզզաուիի շունչով, Խաչատուր Աւետիսեանի «Կեռասի Ծաղկուն Ծառերը»` հայկական նազպարի ընկերակցութեամբ, զոր կատարեցին ՀԵԸի «Անդրանիկ» պարախումբի երեք մանկամարդուհիներ:
Տիմիթրի Շոսթաքովիչի ստեղծագործութենէն հատուածի մը մեկնաբանութենէն ետք, սուրիացի երաժիշտ Նուրի Ռահապնիէն` «Պէյթ Ապուհա» եւ «Պընթ Էլ Շալապիէ» կտորներու մեկնաբանութեան միջոցին տեսերիզով մը նշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Հալէպի խորհրդանիշ Սապահ Ֆախրին:
Հայազգի Արամ Խաչատուրեանն ալ իր տեղը ունեցաւ յայտագիրին մէջ, նուագախումբին մեկնաբանութեամբ ներկայացուեցան «Գայեանէ»էն չորս կտորներ:
Յայտագիրի աւարտին Եոհան Շթարուսի «Ռետեթսքի Մարշ»ի մեկնաբանութեան ընթացքին ժողովրդային ծափերու տակ բեմ բարձրացան հալէպահայութեան երեք երգչախումբերու` Համազգայինի «Զուարթնոց»ի, ՀԲԸՄի «Սպենդիարեան»ի եւ հայ կաթողիկէ «Նարեկացի»ի անդամներ` նուագախումբին ընկերակցութեամբ մեկնաբանելով Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»ի նախերգանքը:
Սուրիահայութեան տառապանքին ծանօթ ըլլալով, ապրելով նաեւ կենցաղային դժուար պայմանները` պետական այս փառաշուք հանդիսութեան հայկական մասնակցութիւնը կը հաստատէ, որ գաղութը կը մնայ պատնէշի վրայ: