Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս Երեւանէն յստակ ուղերձ յղեց այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները՝ շեշտելով, որ վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ան այս հաստատումը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին։
«Յունաստան յաճախ շեշտած է, որ կ՛աջակցի բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, եւ ասիկա, անշուշտ, կը վերաբերի նաեւ մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք կը հաւատանք սահմաններու անքակտելիութեան», ըսաւ Տենտիաս:
Ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ռմբակոծման՝ Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնելով Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Քարտէսներու վերասահմանման անընդունելիութեան մասին խօսելով՝ նախարարը ըսաւ. «Ես կը մատնանշեմ նաեւ այդպիսի ուժ մը՝ Թուրքիան, որ կը փորձէ ստեղծուած խառն վիճակէն օգտուիլ եւ անյարգալից ըլլալ կայունութեան նկատմամբ: Մենք վկայ ենք նաեւ թրքական հռետորութեան թոյլ տուէք ըսելու, որ Թուրքիա նաեւ դէմ էր, որ Յունաստան քանի մը պաշտպանական զէնքեր ուղարկէ յունական Լեզպոս կղզի: Եւ ասիկա կը կատարուի այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Յունաստան կը գործէ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ այս պարտաւորութիւնները կը բխին Լօզանի համաձայնագիրէն», ընդգծեց նախարարը` աւելցնելով, որ Թուրքիա դէմ է, որովհետեւ Յունաստան թոյլ չի տար, որ իր տարածքները անպաշտպան մնան:
Ըստ անոր՝ Թուրքիա այս պահուն կը սպառնայ պատերազմի սկսիլ Յունաստանի դէմ: Նախարարը ընդգծեց, որ Յունաստան պատրաստ է եւ կ՛ուզէ սկսիլ կառուցողական երկխօսութիւն Թուրքիոյ հետ` միջազգային իրաւունքի շրջանակներու մէջ, նաեւ պատրաստ է պաշտպանելու ինքզինք ու իր իրաւունքները:
Յունաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները Երեւանի մէջ քննարկեցին նաեւ Կովկասի ապահովութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները։
«Մեր դիրքորոշումը Արցախի վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ. մենք կ՛աջակցինք խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելու տարբերակին` միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ: Միջազգային իրաւունքը «Սուրբ կտակարանն է» միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան համար», շեշտեց Յունաստանի նախարարը։
Ան ընդգծեց, որ լուծումները եւ խաղաղութիւնը չեն կրնար կառուցուիլ, երբ կայ ուժի կիրարկման սպառնալիք, առ այդ, Յունաստան կը շարունակէ աջակցիլ երկկողմ բանակցութիւններու սկսելուն:
Տենտիաս աւելցուց, որ կը հաւատայ, թէ մարդասիրական հարցերը պէտք է լուծուին անյապաղ եւ մարդասիրական իրաւունքը պէտք է յարգուի:
Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց, որ ատրպէյճանական յարձակման արդիւնքները պէտք է վերացուին, առաջին հերթին ատրպէյճանական զինուած ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, հայ ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին եւ զինադադարի դրութիւնը պէտք է ամբողջապէս պահպանուի:
«Ադրբեջանի առաւելապաշտական եւ յանցագործ նկրտումներին միջազգային հանրութեան կողմից հասցէական եւ համարժէք արձագանգը, ոչ համարժէք ագրեսորի (յարձակողի) եւ ագրեսիայի (յարձակումի) թիրախի միջեւ հաւասարութիւն դնող արձագանգները բերում են նոր յանցագործութիւնների: Եւ այս համատեքստում արժեւորում ենք բարեկամ Յունաստանի դիրքորոշումը ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան։
Ան աւելցուց, որ` նոյն ժամանակ միջազգային հանրութիւնը յստակ գործողութիւններու ու գործիքակազմերու միջոցով պէտք է կանխարգիլէ Ատրպէյճանի արկածախնդիր քայլերը եւ հաւանական նոր յարձակումները։
Միրզոյեան նաեւ շեշտեց, որ արդէն երկու տարի անցած է 44օրեայ պատերազմին, սակայն տակաւին հարցերը չեն լուծուած: «Այսօր` 2 տարի անց հիմնախնդիրը մնում է չլուծուած, քանի որ չեն կարգաւորուել հակամարտութեան հիմքում ընկած խնդիրները: Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ շեշտել, որ որպէս միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամ, մենք մերժում ենք ուժի կիրառման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի միջոցով խնդիրները լուծելու մօտեցումը եւ վերահաստատում ենք մեր յանձնառութիւնը` խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով տարածաշրջանում հաստատելու խաղաղութիւն եւ կայունութիւն», նշեց Միրզոյեան։