ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ հայը խենթ է, ըսել կ՛ուզեմ՝ երազներով լեցուն, կիրքերով կատաղի, յուզումներով անհանգիստ, ոգեւորութեան պահերուն անխոհեմ, բարկութեան ատեն՝ անզսպելի, երբ սիրահարուած է՝ խենթուկ չարաճճի, իսկ երբ ըմբոստ է՝ իսկական ծուռ մը սարսափեցնող, իր լեռնաշխարհին՝ մոլի սիրահար, եւ իր հողին՝ խելագար հայը…
Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ խռովայոյզ հայ ազգը կը սպասէ անվկանդ հերոսի մը, որպէսզի իր հարցերուն գտնէ ելք ու ճար, որոշեցի ձեզի պատմել «խենթ» բառին 4514 տարուան հերոսական ոդիսականը, որ պատմութիւնն է ափ մը իմաստուն այրերու, որոնք քնարական խենթութիւններ կատարած են գրելու եւ՝ յիշատակելու արժանի…
«Խենթ» ածականի ստուգաբանութիւնը յստակ չէ: Բազմաթիւ այրեր փորձեր են տրամաբանօրէնն բացատրել, թէ ի՛նչ է անոր արմատը, աւա՜ղ, աշխատանքը մնացած է ապարդիւն (ինչո՞ւ կը զարմանաք… Ո՞վ կրնայ հասկնալ կամ ախտաճանաչել, թէ ինչո՛ւ «խենթ» է անիկա:) Բայց, յարգելի ընթերցող, յստակօրէն գիտենք, թէ ո՛վ էր մեր առասպելական պատմութեան առաջին խենթը… Հայկ Նահապետը: Ուրիշ ո՞վ կրնար հզօր պետութեան յոխորտացող խրոխտ արքային նշան բռնել, նետ արձակել, թիկունքէն հարուածել, գետին տապալել եւ անկախութիւն հռչակել՝ միակողմանի, առանց ուրիշի կարծիքը առնելու՝ խենթ մը միայն:
Բառս սիրեց աւելի շատ գործել քան խօսիլ: Հետեւաբար, մեր մայրենիին մէջ շատ սահմանափակ են «խենթ» բառեր, հազիւ մէկ բայ, երկու գոյական եւ երեք ածական. ահա ամբողջական բառացանկը. խենթանալ, խենթանոց, խենթարան, խենթուկ, խենթուլիկ եւ խենթաւուն: Յիշեմ նաեւ «կիսախենթ» ածականը, որպէսզի չնեղուի անիկա: Աւելի տարօրինակը՝ «խենթ» ածականը հայկական մատենագրութեան մէջ չյայտնուեցաւ մինչեւ այն օրը, երբ Նարեկացի մեկնաբանեց լատին Ովիտը եւ գրեց. «Զխորթս խենթական մտօք բան սրեալ»:
Մեր ազգը, – լեզուական ի՛նչ հարստութիւն -, խենթը եւ անոր արարքները նկարագրելու համար յօրինեց բազմազան ծաղրական արտայայտութիւններ, որոնց մէջ պոլսեցիները եւ սեբաստացիները անմրցելի են. «Ասու խենթը», Սեբաստիա, «խենթ-Անդրէաս, խենթերուն խենթը», Պոլիս, «խենթ Իսրայէլ», հին ու մին շորեր հագած մարդ, Պոլիս, «Խենթ եմ կ՛ըսէ, վանքի հաւերը կ՛ուտէ», իրեն խենթ ձեւացնելով՝ շահ եւ օգուտ կը ստանայ, Սեբաստիա, «խենթէ կուշտ, խելօքի կարօտ», յիմարներով շրջապատուած ենք, խելօքի կարիք ունինք, Սեբաստիա, «խենթը գնաց հարսնետուն, սա աղէկ է քըզ մեր տուն», անհոգ ու անտարբեր մարդը վայելք գտնելով կը մոռնայ իր տունն ու տեղը, հարազատները, Սեբաստիա, «Խենթ ըլլալ», շատ սիրել, գուրգուրել, Պոլիս:
Ուշ միջնադարուն տաղասաց Աստուածատուրը խենթացաւ երբ իր զաւակը տեսաւ անկենդան. «Էրէկ ես ուրախ էի, / միթէ տէր էի աշխարհիս, / խենթացայ ի մէջ ամէնի, / երբ որ զքեզ այդպէս տեսայ»: Մարտիրոս Խարբերդցի երէցը, որ նախահայրն է հայկական երգիծական քնարերգութեան՝ ըսաւ. «Յաշխարհս այլ խենթ չկայ քան զիս»: Ապա՝ լռութիւն: Մինչեւ Պարոնեան՝ ո՛չ մէկ տաղ, ո՛չ մէկ տող խենթի եւ խենթերու մասին:
Յարգելի ընթերցող, – 19րդ դարուն, ձեզ կը վստահեցնեմ -, Պոլիսը իսկական խենթանոց մը ըլլալու էր, որովհետեւ այնքան առատ են այդ ածականին նուիրուած եւ անոր հետ ստեղծագործուած երկերու թիւը, որ բազմահատոր «Խենթարան» մը պէտք էր բոլորը պարփակելու համար: Նախ Պարոնեան իմաստասիրեց այս բառով՝ «Սիրոյ վրայ խօսող ծերն ակնոց դնող կոյրէն աւելի խենթ է», ապա Մելքոն Կիւրճեան. «Խենթերու մէջ ժամանակը հաշիւ չունի»: Զապէլ Եսայեան բացատրեց մեզի, թէ իր մանկութեան օրերուն ինչո՛ւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ նկուղէն աղաղակներ կը լսուէին անդադար. «Այն ժամանակ իբրեւ յիմարանոց կը ծառայէր Նարլը Գափուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին նկուղը: Խենթերը կը կապէին շղթայով եւ անոնց դաստակներուն եւ ոտքերուն լալէ կ՛անցընէին: Այդպէս՝ անոնք կը մնային կեղտի եւ կղկղանքի մէջ»:
Պոլիսը սրտագրաւ է յատկապէս իր առջեւ փռուած Իշխանաց կղզիներով: Այդ պատճառով, Մատթէոս Զարիֆեան, «հի՜ն օրերուն, վա՜րդ օրերուն», Փրինքիփօ կղզիի ամառներէն ու սէրերէն զմայլած՝ գրեց քնարական խենթ տողեր. «Ես հոյակապ ու սիրելի խենթ մ՛եմ եղեր… Ահաւոր խենթ մըն եմ եղած ես… Ինչ խենթ յոյսերով կը լեցուիմ… Մութ, հեշտագին գիշերուան մէջ, մտածումս ծնունդ կու տար ամենախենթ ըղձանքներու»: Տիկին Քլարա Զօհրապին ուղղած նամակներէն կը հասկնանք, թէ Գրիգոր Զօհրապ սիրավառ խենթ մըն էր. «Սիրական, անուշիկ, չի գտնուած աղուոր կնիկս, դուն կ՛ուզես ինծի խենթ ըսէ, կ՛ուզես խելօք… Գիտե՞ս որ սա վիճակիս մէջ, գործերուս մտմտուքիս մէջ, նեղութեանս, բարկութեանս մէջ քանի մը օրէ ի վեր ամէնէն եւ էւել զիս տանջող բանը ի՞նչ է… Քեզ կարօտնալս… Ամէն վայրկեան ինծի անանկ կու գայ որ յանկարծ սենեակիս դուռը պիտի զարնես, ներս պիտի մտնես», Փարիզ, 1908: Նոյն օրերուն, Լեւոն Շանթ մեր գրականութեան պարգեւեց երկու բախուկ խօսքեր. «Գետակի խենթ ջուրերը… Խենթ օր մը անցուցի»: Վահան Թէքէեան՝ պղատոնական սիրահար, երկար տարիներ նաւարկեց առանց խարսխելու «պզտիկ ու մեծ շատ մը սէրերու», ապա նայեցաւ անցած տարիներուն եւ զղջաց. «Ի՜նչ խենթ, խենթ էի – հասած եմ բաց ծով…»:
Այն օրերուն, երբ հայ հրատարակիչը խենթի պէս գիրք կը տպէր, «խենթ» բառն ալ շապիկի մը վրայ յայտնուելու պատիւին արժանացաւ: Այդ վարդ օրերուն լոյս տեսան՝ «Խենթը. Արկածներ Վերջին Ռուս-թուրքական Պատերազմից», Շուշի, 1881, «Խենթը. Մի Խելօքի Յիշատակարանից», Թիֆլիս, 1903, «Խենթ Մշեցու Խելացի Խօսքեր», Պոլիս, 1909, «Խենթերուն Նժիշկը. Կատակերգութիւն Մէկ Արար», Պոլիս, 1909:
Իսկ այժմ խոր յարգանքով յիշատակենք հայկական ռազմական եւ գրական կեանքի իսկական խենթը, «Խենթ» անունով յայտնի Սամսոն Տէր Պօղոսեան, «Խենթը» վէպի հերոս Վարդանի նախատիպը եւ ազգային ազատագրական պայքարի ծուռ ու խելայեղ մարտիկը, որ 1877ի Յունիսին, քրտական տարազով ծպտուած եւ «խենթ» ձեւանալով՝ դուրս ելաւ Պայազետի պաշարուած բերդէն, օգնութիւն ապահովեց եւ փրկեց բերդը:
Իսկ այլ օր մը, վարդ գարուն պէտք էր ըլլար, քերթող Սիամանթօ տեսաւ վոհմակներ, լսեց աղաղակ, շնչեց ծուխ եւ խենթացաւ, ապա աղաղակեց. «Իմ մտածումս պարտուածի սուգէ ու սարսուռէ ու սարսափէ անբուժելիօրէն խենթեցաւ… Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ, տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի… Ուրիշին ցաւը, ուրիշին կոծը զիս խենթութեան կը տանի»: Պարոյր Սեւակը, նայեցաւ Կոմիտասի սառած դէմքին եւ շշնջաց. «Դէ ե՜կ Վարդապե՛տ, / Ու մի՛ խենթանայ»: Նոյն Սեւակն էր որ ըսած էր. «Ուխտդ ուխտակա՜ն, ո՜վ սրբազան խենթ… Երբ չի մնում ելք ու ճար, / Խենթերն են գտնում հնար… Ես նայում եմ իմ ձեռքերին, / Այնպէս նայում, / Որ դիտողը ինձ կարող է խենթ համարել»: Ապա բանաստեղծը հիւսեց ինքնակենսագրական թուացող միտքեր. «Իմ հոգին խելառ, խելագար ու խենթ… Տենչանքներ հազար դարձնում են ինձ խենթ… Պիտի կաշկանդուած իմ հոգին սուրայ, ինչպէս հողմը խենթ փոթորկի ժամին»:
Արեւելքը՝ ուրիշ աշխարհ մը, խենթերու մէկ այլ ներշնչարան է: Եղիշէ Չարենց, որ գրական երեկոյի մը ընթացքին կոչուած էր «Նայիրի երկրի խենթ սիրահարը»՝ խօսեցաւ իր ներաշխարհին մասին. «Երբեք չէր եղել հոգիս այսքան խենթ»: Իսկ յարգելի ընթերցող, արտօնեցէք որ ես ալ այսօր Վահան Տէրեանը հռչակեմ իբրեւ Ջաւախքի խենթը: Ապացո՞յցը այս եզրակացութեան՝ անոր գրիչէն հոսած խենթ խօսքեր, թէ ի՛նչ կեանք ապրեցաւ, ի՛նչ բոցեր վառեցան անոր հոգիին մէջ. «Խենթ հիացումով արբեցի նրա տանջող գգուանքում… Ես հասկանում եմ քո խենթ աչքերի հրեղէն լեզուն… Ունկնդիր եղայ հողմի խենթ երգին»: Ապա Տէրեան որոշեց, թէ ո՛վ է ինք. «Ես մի լուսնահա՛ր, ես մի խենթ լուսնո՛տ»: Տէրեանի անզուսպ միտքը յղացաւ դեռ խօլական խօսքեր՝ «Քո խենթ մարմնի սարսուռները… Խենթ յուզումի անոյշ խօսքեր… Խենթ հեկեկանքով դռներն եմ թակում», ապա արտադրեց տենդոտ արտայայտութիւններ. «Խենթ բոցեր, խենթ տագնապ, խենթ կարօտ, խենթ մշուշ…»:
Երբ խենթ են օրերը ու չկայ ճար ու ելք, պէտք է ակնկալել խենթ բանաստեղծի մը երանելի գալուստը, ինչպէս Անի Հերունի Սաճեանի քերթողը՝ «…Մի խենթ պոէ՛տ ով, արեւից պսակ հիւսել անգամ գիտի», որպէսզի ոգեշնչում եւ ոգեւորութիւն իջնէ մեր աշխարհ: Այդպիսի «պոէտ» էր Պաքուի մէջ հասակ նետած, հայկական գրականութեան արեւելեան պատշգամը հանդիսացող այդ քաղաքին մէջ աշուղ դարձած, ապա հայրենի Զանգեզուրի մէջ երգեր հիւսած Գուսան Աշոտ: Ան «խենթ» ածականին վերադարձուց սէրը. «Բարձունք ելնող իմ խենթ սիրտը կրակ է, ի՞նչ անեմ, / Մէկ մոլեգնող, մէկ հանգիստ է, մէկ կարօտ է, ի՞նչ անեմ»:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Գուսան Աշոտի սիրուած մէկ գործով, որ խենթ սիրահարի երգն է.
«Եար էս գիշեր ձեր տան մօտով ես անցայ,
Շողքդ տեսայ մեր տան ճամբէն մոռացայ,
Սէրդ այրեց, քեզ սպասելով խենթացայ,
Լուսնի նման ամպի տակից դուրս արի,
Որ իմ սրտի սիրոյ հուրը չմարի»: