Ուրախ ենք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքի բարեփոխման ու նորոգութեան աշխատանքները աւարտած են յաջողութեամբ, հետեւաբար, մեր գրասենեակները Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն կը վերադառնան նոր շէնք։ Հասցէն է 6252 Honolulu Ave, La Crescenta, CA 91214:
Ազգային առաջնորդարանի գրասենեակները նոր շէնքին մէջ պաշտօնապէս պիտի սկսին գործել Երկուշաբթի, 5 Փետրուար 2007ին։ Աշխատանքի ժամերն են առաւօտեան ժամը 9:30էն կէսօրէ ետք ժամը 4:30։ Մեր ժողովուրդը ատենին տեղեակ պիտի պահենք Ազգ. առաջնորդարանի պաշտօնական բացման արարողութեան ու առնչակից հանդիսութիւններուն թուականին մասին։
Ազգային առաջնորդարանին հետ կապ պահելու համար նկատի ունենալ հետեւեալ թիւերը.- Հեռաձայն՝ (818) 248-7737-8, հեռապատճէն՝ (818) 248-7745, E-mail: Prelacy@AOL.com: Կայքէջի հասցէն է.- www.westernprelacy.org
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆԻ