Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելեց Տիգրանակերտի Սուր շրջանը, ուր քանի մը տարի փակ մնացած էր թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով: Պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ կը գտնուի Ս. Սարգիս կաթողիկէ հայկական եկեղեցին, կը հաղորդէ Ermenihaber.am կայքը` վկայակոչելով T 24 կայանը:
Փայլան նշեց, որ թէեւ Սուր շրջանը թուրք-քրտական բախումներէն ետք մեծ մասամբ քանդուած վիճակի մէջ է, բայց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կ՛ուզէ հոն կազմակերպել ձեռնարկ մը, որուն պիտի հրաւիրուին նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն պատգամաւորներ:
Այս առիթով, դիմելով նախարարութեան` Փայլան ըսաւ. «Սուր շրջանը քանդողները կ՛ըսեն, թէ Սուրը պիտի դարձնեն Թոլիտօ (Սպանիոյ յայտնի զբօսաշրջային վայրերէն մէկը): Ի՞նչ ըրած էք, որ ինչ ցոյց տաք: Փոխարէնը կառուցած էք անհասկնալի շէնքեր, զորս ներկայացնելու փոխարէն, պէտք է ամչնաք: Նախ ներողութիւն խնդրեցէք Տիգրանակերտի բնակիչներէն` հայերէն, քիւրտերէն եւ ասորիներէն»:
Յիշեցնենք, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին նաեւ գանձ որոնողներու թիրախը դարձած է, որուն պատճառով արդէն իսկ կիսաւեր եկեղեցին կը գտնուի ամբողջութեամբ ոչնչանալու եզրին:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Փայլան կը ներկայացնէ Տիգրանակերտը։