
15 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի 75րդ Հայկական ուտեստեղէնի տարեկան փառատօնը, որ առիթ մըն է նաեւ վայելելու հայկական երգեր եւ պարեր։
Տեղւոյ Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ կազմակերպած փառատօնը, որ կը հանդիսանայ շրջանին ամէնէն հին մշակութային փառատօներէն մէկը, տեղի պիտի ունենայ նոր վայրի մը մէջ, որուն հասցէն է՝ 8071 Old Auburn Rd, Citrus Heights, CA 95610:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://foodfestival.stjamessacramento.org/ կայքը կամ դիմել (916) 443-3633 թիւին։