Իրանի մէջ ձերբակալուեցաւ երկրի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի դուստրը` հակակառավարական ցոյց հրահրելուն համար, հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը` յիշեցնելով, որ երկրին մէջ ցոյցերը 3րդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուին եւ ցարդ խլած են 83 զոհեր։
«Ֆայզեհ Հաշեմի Թեհրանի արեւելքը ձերբակալուեցաւ՝ ցուցարարները փողոցային անկարգութիւններու հրահրելուն համար», կը գրէ «Թասնիմ»ը:
Ցուցարարները կը բողոքեն 22 տարեկան Մահսա Ամինիի մահուան դէմ: Ան ձերբակալուած էր իսլամական հագուածքի պահպանման հետեւող ոստիկանութեան կողմէ: Ըստ կարգ մը գործիչներու՝ Ամինի ոստիկանական բաժանմունքին մէջ գլխուն զօրաւոր հարուած ստացած է, սակայն ոստիկանութիւնը այդ մէկը կը հերքէ: