ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յաջորդ տարի հայ-վրացական սահմանի 35 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածին պիտի կատարուին շինարարական աշխատանքներ, որոնց համար Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պիտի յատկացնէ 700 միլիոն դրամ:
Այս մասին Նոյեմբեր 6ի ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց ու ելեւմուտքի, ամավարկային եւ տնտեսական հարցերու յանձնաժողովներու միացեալ նիստին եւ 2007ի ամավարկի քննարկման ժամանակ յայտարարեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետի տեղակալ Գրիգոր Յարութիւնեան եւ նշեց, որ ամբողջ սահմանի երկայնքին, որ 265 քիլոմեթր է, աշխատանքին համար քանի մը տարի կը պահանջուի: Հայ-վրացական սահմանին յաջորդ տարի նաեւ երկու անցակէտ պիտի կառուցուի, որոնց համար 470 միլիոն դրամ նախատեսուած է: