Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաղտատի մօտ Իրանի դեսպանը կանչեց եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ռմբակոծման համար բողոքագիր մը յանձնեց:
Նախարարութիւնը դատապարտեց «Իրանի կողմէ Քիւրտիստանի մէջ շրջաններու ռմբակոծումը» եւ նշեց, որ «դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակի կեցուածքներու պիտի դիմէ անոր կրկնութիւնը բացառելու համար»:
Ռմբակոծումը 13 զոհեր եւ 58 վիրաւորեր պատճառած էր:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը 73 «ցամաքէ ցամաք» տեսակի թեւաւոր հրթիռներ արձակած է եւ տասնեակ մը ականուած անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործած է` «ամբողջութեամբ ոչնչացնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը»:
Նշենք, որ իրանեան հրետանին եւս ռմբակոծեց Էրպիլի հիւսիսը գտնուող Սիտքանի շրջանները: